Թուրքիան Կը Շարունակէ Ռուսիոյ Հետ Ղարաբաղի Հարցով Միացեալ Կեդրոնի Կառուցումը -
Թուրքիան Կը Շարունակէ Ռուսիոյ Հետ Ղարաբաղի Հարցով Միացեալ Կեդրոնի Կառուցումը
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը վերահսկելու համար Ռուսիոյ հետ միացեալ կեդրոնի կառուցումը պիտի շարունակուի:
«Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրին համապատասխան` քայլերու կը ձեռնարկուին զինադադարի դրութեան հսկողութեան եւ վերահսկման կեդրոնի կառուցման ուղղութեամբ: Աշխատանքները կը շարունակուին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նոյեմբերի սկիզբը յայտարարած էր, որ ռուս եւ թուրք զինուորները «շուտով իրենց պարտականութիւնները պիտի ստանձնեն» Լեռնային Ղարաբաղի միացեալ կեդրոնին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com