Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն -
Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն
8 Դեկտեմբեր երեքշաբթի օր Երկրորդ Պատժական Ատեանի մէջ կայացաւ 2012-ին Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ սպանուած Մարիցա Քիւչիւքի դատական նիստը։ Նիստին ներկայ էին Քիւչիւք ընտանիքի եւ ձերբակալեալ Մուրատ Նազարեանի իրաւապաշտպանները։ Կը բացակայէին այս դատին միջամուխ եղող Ընտանիքի, Աշխատանքի եւ Ընկերային Ծառայութիւններու Նախարարութեան փաստաբանները։ Նոյնպէս մեղադրեալ Մուրատ Նազարեան, որ պիտի մասնակցէր Սիլիվրիի բանտէն տեսալսողական դրութիւնով, թեխնիքական խանգարումներու պատճառով չէր կրցած մասնակցիլ։
Նիստի ընթացքին Քիւչիւք ընտանիքի փաստաբան Ժիան Քայա նշեց, որ կողմերը համոզուած են որ այս դէպքի ետին ուրիշներ ալ կան, հետեւաբար պէտք է հարցաքննութիւնը ծաւալի։ Դատարանը մերժած է այս պահանջը։ Փաստաբան Քայա «Ակօս»ի թղթակցին յայտնեց թէ թղթածրարը ետ վերադարձուած էր նախարարութեան առարկութեան հետեւանքով։ Ան նշեց որ դատավարութիւնը հասած է վերջին փուլին եւ եզրակացութեան համար ղրկուած է դատախազին։ Ան կը կանխատեսէ թէ դատակազմը 3 Մարտ 2021-ի նիստին դարձեալ նոյն վճիռը պիտի արձակէ եւ խնդիրը պիտի աւարտի։ Քայա նաեւ նշեց որ ձերբակալուած ամբաստանեալ Մուրատ Նազարեանի փաստաբանը Էսեն Կիւլ պահանջած էր Նազարեանի գործատէր Ազիզ Պուտաքին ալ վկայութիւնը։ «Դատակազմը այս պահանջն ալ մերժած է» ըսաւ Ժիան Քայա։
Քիւչիւ ընտանիքի իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին ալ յայտնեց թէ Նախարարութիւնը այս ոճիրը կը գնահատէ իբրեւ կիներու դէմ բռնութիւն։ Էրեն Քեսքին յաւելեց հետեւեալը. «Այս նախարարութեան գնահատումն է։ Իրենք ուզեցին այս դատին միջամուխ ըլլալ, բայց նիստերուն չեն մասնակցած։ Նազարեան կը յամառի լռութիւն պահելու մէջ։ Այդ լռութիւնը արգելք կ՚ըլլայ իրականութիւնը պարզելու։ Այս թղթածրարին մէջ բազմաթիւ հակասութիւններ կան։ Դատակազմը կ՚ուզէ այս դատը ժամ առաջ աւարտել։ Ամբաստանեալի իրաւապաշտպանն ալ տեղեակ է, որ այս թղթածրարը իրականութիւնը չի ցոլացներ։ Ան ալ համոզուած է, որ խնդրի ետին ուրիշներ ալ կան։ Ամբաստանեալը ինքն ալ կը պնդէ այս մասին, բայց կը խուսաբի անուններ նշելէ։ Ես անձամբ բանտի մէջ այցելեցի զինք, բայց ստացայ «Չեմ կրնար խօսիլ» պատասխանը»։ Էրեն Քեսքին կ՚ըսէ թէ Քիւչիւքի ընտանիքն ալ յուսալքուած է։
Էրեն Քեսքին նաեւ յիշեցուց, որ Մարիցա Քիւչիւքի սպաննուած օրերուն Սամաթիոյ մէջ ուրիշ հայերն ալ յարձակումի ենթարկուած էին եւ ինք պահանջած էր, որ հետազօտուին այդ դէպքերու իրարու հետ կապակցութիւնը, բայց այդ պահանջն ալ մերժուած էր։ «Այդ շրջանին փաստերը բաւականաչափ չէին հաւաքուած։ Ըստ երեւոյթի ամէն ինչ կ՚ընեն քօղարկելու համար թէ կատարուածը ատելութեան ոճիր մըն է»։ Ան վերջապէս յայտնեց թէ թղթածրարը պիտի փոխադրեն ԵՄԻԱ։
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com