Ս. Թադէոսի Եւ Ս. Բարթողիմէոսի Տօնինունճեան Հարազատներու Յիշատակը Նշուեցաւ -
Ս. Թադէոսի Եւ Ս. Բարթողիմէոսի Տօնինունճեան Հարազատներու Յիշատակը Նշուեցաւ
29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնովյիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյքարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Այս տարուանյիշատակութիւնը աւելի զուսպ կարատուեցաւ, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները։ Ներկայ եղան սակաւ թիւովհաւատացեալներ, որոնց շարքին էր Ունճեան Ընտանիքի շառաւիղէն՝ Սաթի Մանկասարեանը։
Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին ՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան եւ Բրկ. Արի Ուր. Դպ. Էօզտէր։ Ս. Պատարագիերգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներ, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւերգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հոգեհանստեան Պաշտօն, Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Աւելի վերջ, նտակի ունենալով Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնակատարութիւնը, բարեխօսական աղօթքներ վերառաքուեցան առ բարձրեալն Աստուած, վասն անսասանութեան Հայ Եկեղեցւոյ, վասն հաստատութեան Մայր Աթոռոյ եւ վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի։
Վերջին օրհնութենէն առաջ Հայր Սուրբը քարոզեց ներկաներուն եւ ծանրացաւ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի առաքելութեան վրայ։ Շեշտեց թէ՝ ցաւին ու տխրութեան փուքին մէջէն անցած առաքեալները, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի պատուիրանին հասած էին մինչեւ Հայ Ժողովուրդին ու քարոզած՝ Քրիստոնէութիւնը։ Պօղոս Առաքեալի խօսքով աշխարհը մեռած էր իրենց համար, ինչպէս որ անոնք ալ մեռած էին աշխարհին համար (ըստ Գղտ. 6.14)։ Յատկապէս նեղութեամբ լեցուն այս օրերուն, երբ մարդիկ կը պրկուին մահուան եւ հիւանդութեան լուրերով, անոնք մխիթարութեան հոգին կրնան հրաւիրել իրենց կեանքերէն ներս, հետեւեալով Առաջին Լուսաւորիչ Առաքեալներուն կեանքի օրինակին։ Հայր Սուրբը շեշտեց թէ՝ առաքեալները բերած էին Քրիստոսը մեր հաւաքական կեանքին եւ իրենց յիշատակութիւնը առիթ պիտի դառնար որ հաւատացեալներ առաւել եւս մտորէին առաքեալներու բերած Ս. Աւետարանի ճշմարտութեան եւ այդ Աւետիսով դրականօրէն փոխուած կեանքերու մասին։ Հայր Սուրբը, նաեւ յիշեց Ունճեան հարազատները, որոնք առաքելական ծառայութեան համայնքի մէջ զարգանալուն համար, անցեալին զօրավիգ կանգնած էին եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ Արմաշու Դպրեվանքին։ Այս տարի, համավարակի պատճառաւ յիշատակութիւնը սահմանափակ կը մնար, սակայն Ս. Պատարագով եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնով Ս. Թագաւոր Եկեղեցին իր պարտականութիւնը կը կատարէր հանգուցեալներուն յիշատակին դիմաց ու իրենց համար կ՚աղօթէր Տիրոջ Ս. Սեղանին առջեւ։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com