Նոյեմբեր 22-ին հայկական եկեղեցիներուն մէջ զոհուածներու յիշատակի արարողութիւն պիտի իրականացուի -
Նոյեմբեր 22-ին հայկական եկեղեցիներուն մէջ զոհուածներու յիշատակի արարողութիւն պիտի իրականացուի
Արցախի պաշտպանութեան հերոսներու յիշատակի սուրբ Պատարագը, Հռոմի մէջ պիտի մատուցուի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանէն ներս, կիրակի 22 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին
Նոյեմբեր 22-ին հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւն:
Հռոմի մէջ եւս՝ Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանէն ներս, կիրակի 22 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ հոգեհանգստեան պաշօնը ի հոգւոցն հանգստեան Արցախի անմոռնալի հերոս նահատակ զինուորներուն։ Պատարագը պիտի գլխաւորէ Լեւոնեան Ք Վարժարանի մեծաւորը՝ Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ Նաամոյան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ յիշատակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագէն ետք՝ ժամը 13։30-ին, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com