Էրտողանի` Ազրպէյճան Զօրք Տեղակայելու Մասին Հրամանագիրը Ուղարկուած Է Թուրքիոյ Խորհրդարան -
Էրտողանի` Ազրպէյճան Զօրք Տեղակայելու Մասին Հրամանագիրը Ուղարկուած Է Թուրքիոյ Խորհրդարան
Թուրքիոյ նախագահի` զինուորական կազմ Ազրպէյճան ուղարկելու մասին հրամանագիրը երէկ քննարկուելու համար ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ առայժմ տեղեկութիւն չկայ, թէ երբ երեսփոխանները հարցը քուէարկութեան պիտի դնեն:
11 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկող ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ստեղծման մասին յուշագիր ստորագրուած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի բանակցութիւններուն հիմամբ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com