Զինադադարի դրութեան վերահսկման նպատակով Արցախ գտնուող Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան նախաձեռնութեամբ ու Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան գործուն մասնակցութեամբ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ պատերազմին զոհուած զինուորականներու մարմիններու փոխանակում:
Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն զօր. Կարէն Սարգսեան երկու կողմին համար կարեւոր նկատեց այդ առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ ծառայութիւնը պատրաստ է մարդասիրական նպատակներով որեւէ աշխատանքի:
Օրուան երկրորդ կէսին փրկարարական քանի մը ջոկատներ իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին դիակներու որոնման եւ փոխանակման գործին:
Փրկարարներու մարդասիրական աշխատանքը տեղւոյն վրայ համակարգած է զօր. Կարէն Սարգսեան` համագործակցելով Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան պատասխանատուներուն հետ: