Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

02 Kasım 2020  

Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։ -

Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։ Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։

Ան յիշեց նաեւ Էկեյան ծովի տարածքի երկրաշարժի զոհերը։ Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ նոյեմբեր 2020-ի կէսօրին՝ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեց երէկ Միացեալ Նահանգներու Հաթֆորթի մէջ Երանելի հռչակուած «Միքայէլ ՄքԿիվնէյ»ը, Քոլոմպոյի Ասպետներ կարգին հիմնադիրը, մաղթելով որ անոր օրինակը մեզ բոլորս մղէ վկայելու սիրոյ աւետարանը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ դարձեալ կոչ ուղղեց Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ի նպաստ։

“«Այս տօնական օրուան առթիւ չի մոռնանք թէ ինչ կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը, «ուր զինեալ բախումներ իրարայաջորդ են դիւրաբեկ զինադադարներու, զոհերու թիւի ողբերգական աճումով, քաղաքացիական բնակութիւններու, ենթակառոյցներու եւ աղօթատեղիներու կործանումով, ու քաղաքացիական բնակչութեան աւելի ու աւելի զանգուածային ներգրաւումով։ Ողբերգական է այս մէկը։ Կ՛ուզէի վերանորոգել իմ սրտագին կոչս՝ հակամարտութեան մաս կազմող կողմերու պատասխանատուներուն, որպէսզի որքան հնարաւոր այնքան շուտ միջամտեն, կասեցնելու համար անմեղ արեան հեղումը։ Թող չի մտածեն հարցը լուծել բռնութեամբ, այլ յանձնառու ըլլան վարելու անկեղծ բանակցութիւններ, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ։ Իմ կողմէս մօտ եմ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին եւ հրաւէր կ՛ուղղեմ հայցելու Աուրբերու բարեխօսութիւնը՝ տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան համար։”

«Աղօթենք նաեւ Էկեյան ծովի տարածքի ժողովուրդներուն համար, որոնք երկու օր առաջ թիրախ եղան զօրեղ երկրաշարժին», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ապա յիշեցուց թէ վաղը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ «Teutonico» գերեզմանատան մէջ, ննջեցեալ հոգիներու հանգստեան համար։

«Հոգեպէս կը միանամ բոլոր անոնց որոնք՝ աշխարհի ամէն վայրերուն մէջ, յարգելով առողջապահական կարեւոր դրութիւնները, կ՛երթան աղօթելու իրենց սիրելիներու գերեզմաններուն մօտ» յարեց Սրբազան Պապը ու բոլորին մաղթեց Ամենայն Սրբոց բարի տօն խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։




Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+