Արցախի Անկախութեան Ճանաչումներ -
Արցախի Անկախութեան Ճանաչումներ
Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգներէն մէկուն` Նոր Հարաւային Ուէյլսի Օրէնսդիր ժողովը 61 թեր ձայնով պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:
Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարձակումները Արցախի բնիկ հայերուն վրայ:
– Քալիֆորնիոյ Ֆաուլըր քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ դատապարտեց Արցախի դէմ ազրպէյճանական բռնարարքները` միեւնոյն ժամանակ ճանչնալով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անկախութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նեցուկ կանգնին Արցախի ազատութեան սատարելու գործին:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Ղազարեան, որ ժողովին ներկայացուցած էր հռչակագիրը, նշեց, թէ հայերուն դէմ ցեղասպան պատերազմին ընթացքին Ֆաուլըր քաղաքը կանգնած է Արցախի կողքին:
– Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի Ֆորտ Լի քաղաքը դատապարտեց Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումները եւ ճանչցաւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Քաթալոնիոյ Խորհրդարանը Ազրպէյճանի Կողմէ
Քաղաքայիններու Թիրախաւորումը
Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրած Է
Քաթալոնիոյ խորհրդարանը 21 հոկտեմբերին որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որով կոչ կ՛ուղղէ` վերջ տալու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններուն եւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ քաղաքային բնակչութեան վրայ յարձակումները` շեշտելով, որ կը սատարէ կողմերուն միջեւ կառուցողական բանակցութիւններուն` ուղղուած խնդիրի խաղաղ լուծման, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքի արտայայտութեան վրայ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com