​Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Ե - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

18 Ekim 2020  

​Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Ե -

​Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Ե ​Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Եւ Իր Համերաշխութիւնը Յայտնեց Հայ Ժողովուրդին

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին հետ, որուն հետ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, ինչպէս նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին ընթացքին Տենտիաս փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին ողջոյնները եւ աջակցութեան խօսքերը: Ան նշեց, որ Յունաստան կողմնակից է Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման: Նիքոս Տենտիաս ընդգծեց, որ Յունաստան կը դատապարտէ ռազմական գործողութիւնները հրահրող արտաքին միջամտութիւնները եւ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` զինադադարը պահպանելու եւ բանակցային գործընթացը վերսկսելու կոչին:

Վարչապետը եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձան Թուրքիոյ ապակայունացնող ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, որ կը դրսեւորուի տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ: Անոնք ընդգծեցին նման քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը եւ միտքեր փոխանակեցին անոր հակազդելու ուղղութեամբ համատեղ կատարելիքներուն շուրջ:

Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին եւս, հայ-յունական յարաբերութիւններու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, լուսարձակի տակ առնուեցան Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները, Հայաստանի տարածքին նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները, զինադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը եւ զայն պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ զայն մնայուն կերպով խախտելու իրականութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վերջինը դիտել տուաւ, որ Արեւելեան միջերկրականն ու Կովկասը ներկայիս կը բախին նոյն սպառնալիքին, որուն դրդապատճառը Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնն է:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին` Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատեց, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ տարբերակէ անոնք, որոնք իւղ կը թափեն լարման կրակին վրայ եւ անոնք, որոնք կ՛որդեգրեն կառուցողական մօտեցում ու հաւատարիմ կը մնան վէճերու լուծման խաղաղ տարբերակին հաւատարիմ:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը 16 հոկտեմբերին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+