Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն. Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկա - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

17 Ekim 2020  

Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն. Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկա -

Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն. Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկա Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն. Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկանայ

Թրքական արտադրութեանց դէմ սէուտական ժողովրդային պոյքոթը ցարդ 3,2 միլիառ տոլարի վնաս պատճառած է թրքական տնտեսութեան, ինչպէս կը նշէ լրագրող Սարգիս Նաճարեան:

Աւելին, թրքական տեղեկատուական զեկոյցներ կ՛անդրադառնան միջազգային հանրածանօթ ընկերութիւններու (ինչպէս` սպանական «Մանկօ» ընկերութիւնը) կատարած հետազօտութիւններուն` Թուրքիան փոխարինող այլ ընկերութիւններու վերաբերող, որպէսզի անոնք կրնան պատրաստել իրենց արտադրութիւնները եւ այս` խուսափելու եւ կանխարգիլելու համար շրջանին մէջ կարեւորագոյններէն նկատուող` Ծոցի շուկայէն իրենց հեռացումը:

Նաեւ` Սէուտական Պոյքոթ

Նոյն ծիրին մէջ սէուտական «Ապտալլա Օսէյմ» ընկերութիւնը իր գործարարներուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու թրքական արտադրութիւններու ներածումը եւ արագօրէն ձերբազատելու իրենց մօտ գտնուող թրքական արտադրութիւններէն:

Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ իրենց երկիրն ու ղեկավարութիւնը կարմիր գիծ են եւ կը դատապարտէ թրքական իշխանութեանց հակադիր կեցուածքները, միաժամանակ ողջունելով թուրք եղբայր ժողովուրդը:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+