Զեկոյց «քորոնա» Ժահրի Յառաջացուցած Ընկերային Վիճակին Մասին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

16 Ekim 2020  

Զեկոյց «քորոնա» Ժահրի Յառաջացուցած Ընկերային Վիճակին Մասին -

Զեկոյց «քորոնա» Ժահրի Յառաջացուցած Ընկերային Վիճակին Մասին Զեկոյց «քորոնա» Ժահրի Յառաջացուցած Ընկերային Վիճակին Մասին

Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան։

Հակառակ անոր, որ սկզբնական շրջանին կը յարգուէին առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները, դժբախտաբար վերջերս զգալի դարձած են զանցառումներ՝ յատկապէս Ս. Պսակի եւ Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններու ընթացքին, որպէս թէ համավարակը վերջացած ըլլար։

Պատրիարքական Աթոռը վերահասու դարձած է, թէ անցեալ Կիրակի՝ 11 Հոկտեմբեր 2020 թուականին համավարակէն ազդուած է Աթոռանիստ Մայր Տաճարի սպասաւորներէն մին։

Առ այդ, Աթոռոյս տնօրինութեամբ, Աթոռանիստ Մայր Տաճարը ցնոր տնօրինութիւն փակ կը մնայ Կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ կը կատարուին միայն Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութիւններ ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններ։

Այս պարագային, խստիւ կը թելադրուի, որպէսզի Սուրբ Պսակի արարողութիւնները կատարուին առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ միայն եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

Խստիւ կը թելադրուի նաեւ, որպէսզի Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Մկրտութեան խորհրդակարութիւնները կատարուին առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ՝ կրկին առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը ապահովելով։

Խստիւ կը թելադրուի նաեւ, որպէսզի Եկեղեցիներուն մէջ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կատարուին առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ՝ կրկին առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը ապահովելով։ Այս բացառիկ օրերուն, կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ կամ ներկայութեամբ միայն, հեռու մնալ նաեւ ձեռնուելէ։ Նոյնը կը թելադրենք որ առտնին կատարելի արարողութեանց ընթացքին եւս յարգուին եւ պահուին առողջապահական պայմանները։ Այս պարագային, նկատի ունենալով առողջապահական անպատեհութիւնը, արտօնելի չէ ցաւակցական տոմարի արձանագրութիւնը անձամբ կատարել (մատիտի ձեռքէ ձեռք պտըտիլը), այլ՝ կազմակերպիչ հաստատութեան պաշտօնէին ձեռամբ։

Կը յիշեցնենք, թէ արտօնելի չէ սրահներու գործածութիւնը, ընդունելութեան կամ այլ նպատակներով։

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ ի սէր իրենց եւ ընդհանուրի առողջութեան բծախնդրութեամբ կիրարկեն վերոյիշեալ թելադրութիւնները։ Կ’աղօթենք որ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն ու այս արտակարգ վիճակը իր վերջը գտնէ եւ մենք վերագտնենք մեր բնականոն հոգեւոր կեանքը շարունակել ըստ նախընթացի։

14 Հոկտեմբեր 2020





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+