Թեսաղոնիկահայութիւնը Միասնական Ու Վճռական Ոգիով Դատապարտեց Թուրք-Ազերիական Յարձա -
Թեսաղոնիկահայութիւնը Միասնական Ու Վճռական Ոգիով Դատապարտեց Թուրք-Ազերիական Յարձակումը
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին, Շաբաթ՝ 3 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Սպիտակ Աշտարակ»ին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք՝ ընդդէմ թուրք-ազերիական յարձակման։
Աւելի քան 2500 հայորդիներ՝ Թեսաղոնիկէէն, Գոմոթինիէն եւ Սէրրէսէն, որոնց շարքին` ազգ. կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ միասնական ամուր ու վճռական ոգիով դատապարտեցեցին թուրք-ազերիական յարձակումը։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեսաղոնիկէի եւ շրջաններու խորհրդարանի երեսփոխաններ, նախարարներ, պոնտական, ասորական եւ այլ քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց սրտի խօսքերուն մէջ բուռն կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարձակումները եւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի հայութեան ու հայ ժողովուրդին: Որոշուած ժամուն, հաւաքին մասնակցող ժողովուրդը եւ յատկապէս մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները աննկուն կամքով ու վճռակամութեամբ հաւաքուեցան որոշուած վայրը, Եռագոյն դրօշները բարձր պահած՝ դատապարտելով ազերիական յարձակողականութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ մեր հայրենակիցներուն։
Յուզիչ էր պահը, երբ մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները իրենց ինքնաշարժներով, Եռագոյն դրօշը պարզած հասան «Սպիտակ Աշտարակ», որոնք քաղաքի կեդրոնի մայր պողոտաներուն մէջէն անցնելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նպատակասլաց տեսիլքով ու աննկուն հաւատքով, որ մեր հայրենիքը յաղթական դուրս պիտի գայ այս բոլոր դժուարութիւններէն։
Ապա, բողոքի հաւաքը ժողովուրդի հոծ բազմութեամբ՝ լոզունքներ բացագանչելով յառաջացաւ դէպի Թեսաղոնիկէի «Ցիմիսքի» մայր պողոտայի վրայ տեղադրուած հայկական խաչքարին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ շրջանի հոգեւոր հովիւին կողմէ աղօթք՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած մեր բոլոր հայրենակիցներուն համար։
Աւարտին, երգուեցան հայկական եւ յունական քայլերգները։ Յայտնենք, որ բողոքի հաւաքին ներկայ եղան եւ նկարահանեցին յունական հեռատեսիլի կայաններ եւ լրագրողներ։ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները համապատասխան լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ տալով՝ բացատրեցին բողոքի հաւաք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com