Մեր Խնդիրը Պաշտպանուիլ Է, Քանի Որ Ազրպէյճանը Յարձակած Է. Վարչապետի Հարցազրոյցը` -
Մեր Խնդիրը Պաշտպանուիլ Է, Քանի Որ Ազրպէյճանը Յարձակած Է. Վարչապետի Հարցազրոյցը`
Հայկական կողմի խնդիրը պաշտպանուիլն է, որովհետեւ Ազրպէյճանը ձեռնարկած է յարձակում՝ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ AlJazeera-ին տուած հարցարզոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ես արդէն ըսի, որ մեր խնդիրը պաշտպանուիլն է, քանի որ Ազրպէյճանը ձեռնարկած է յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ: Եւ, բնականաբար, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խնդիրը այս յարձակումէն պաշտպանուիլն է»,- ըսած է վարչապետը:
Լրագրողը նկատած է, որ այս բախումը ամենալուրջն է 1994-ի հրադադարէն ետք: Ան նաեւ հարցուցած է, թէ ի՞նչ կրնար ընել հայկական կողմը՝ կանգնեցնելու այս բռնկումը, կեանքներու կորուստը, որուն ի պատասխան Փաշինեանը ըսած է. «Ատոր համար միայն մէկ տարբերակ կայ՝ տրուիլ Ազրպէճանի շանթաժներուն եւ սպառնալիքներուն , բան մը, որ չի կրնար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ընդունելի ըլլալ»:
Bu haber AlJazeera kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (AlJazeera) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(AlJazeera). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com