Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ -
Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նիստին, բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան:
Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ վիճակին եւ հայկական զինուած ուժերուն կողմէ թշնամիին համաչափ հակահարուած հասցնելուն միտուած գործողութիւններուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com