Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Եգիպտահայ Համայնքին Հետ -
Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Եգիպտահայ Համայնքին Հետ
Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, ան Գահիրէի Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին նախարար Մնացականեան եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ միտքեր փոխանակեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հասցէագրման ուղիներուն շուրջ:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն ծիրին մէջ նախարար Մնացականեան առանձնայատուկ ընդգծեց Եգիպտոսի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկու բարեկամ պետութիւնները եւ ժողովուրդները իրար կամրջելու գործին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com