Մեկնաբանելով Աւստրիոյ Կողմէ Թուրքիոյ Ուղղուած Լրտեսութեան Մեղադրանքը. «Ակնյայտ Է, Որ Ատոր Ետին Կանգն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

04 Eylül 2020  

Մեկնաբանելով Աւստրիոյ Կողմէ Թուրքիոյ Ուղղուած Լրտեսութեան Մեղադրանքը. «Ակնյայտ Է, Որ Ատոր Ետին Կանգն -

Մեկնաբանելով Աւստրիոյ Կողմէ Թուրքիոյ Ուղղուած Լրտեսութեան Մեղադրանքը. «Ակնյայտ Է, Որ Ատոր Ետին Կանգն Մեկնաբանելով Աւստրիոյ Կողմէ Թուրքիոյ Ուղղուած Լրտեսութեան Մեղադրանքը. «Ակնյայտ Է, Որ Ատոր Ետին Կանգնած Են Հակաթրքական Շրջանակները» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ արձագանգած է Աւստրիոյ կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած լրտեսութեան վերաբերող մեղադրանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք կը հերքենք աւստրիական իշխանութիւններուն կողմէ մեր երկրի ուղղուած անհիմն մեղադրանքները: Ակնյայտ է, որ ատոր ետին կանգնած են հակաթրքական շրջանակները», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին գրաւոր յայտարարութեան մէջ:

Աքսոյ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ապշած են նման անլուրջ մեղադրանքներէն:

«Այս իրավիճակը վատ անդրադարձ կ՛ունենայ Աւստրիոյ թրքական համայնքին վրայ եւ վնաս կը հասցնէ թուրք-աւստրիական յարաբերութիւններուն: Աւստրիական կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի ներքաղաքական մանր հաշուարկներով Թուրքիոյ միջոցով արհեստական օրակարգ հետապնդելէ, պէտք է գործէ պետական արժանիքներով եւ առողջ մտքով», աւելցուցած է Աքսոյ:

Նշենք, որ Աւստրիոյ մէջ ձերբակալուած է թուրք լրտես մը, որ հետեւած է Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քննադատներուն: Այս մասին յայտարարեց Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամեր:

Նախարարը աւելցուց, որ Աւստրիան ձերբակալութեան առնչուած դիւանագիտական քայլերու պիտի նախաձեռնէ, իսկ դատական իշխանութիւնը լրտեսութեան մեղադրանք պիտի ներկայացնէ






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+