​Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

28 Ağustos 2020  

​Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ -

​Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ ​Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ

26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Անոնք քննարկեցին յուլիսեան մարտերէն ետք շրջանային զարգացումները եւ այս պարունակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակեցին հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերուն շուրջ:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ յուլիսեան բախումները այլեւս չեն կրկնուիր:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ պէտք է առաջնորդուիլ այն որոշումներով, զորս ընդունած է միջազգային հանրութիւնը: ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ մշակուած է բանակցային լուրջ հիմք: Ի հարկէ, աւելի արդիւնաւէտ բանակցութիւնները չէին խանգարեր, բայց այդ ծրագիրները իրականացնելու համար պէտք է կարգաւորել իրավիճակը, ներառեալ միջադէպերու դադրեցումը: Մեծ յոյս ունինք, որ յուլիսին տեղի ունեցածը այլեւս չկրկնուի», յայտնեց Լաւրով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+