Պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը. - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

23 Ağustos 2020  

Պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը. -

Պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը. Պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը.

Նստած եմ գետնին, որովհետեւ ոտքերուս ծանրութիւնը կռնակս կը կքէ: կարծես կը քաշէ վար եւ միայն կարծր յատակը կը փրկէ զիս հալելէն եւ անհետանալէն: Արդէն շաբաթ մը անցաւ այն պահէն երբ կարծր յատակը շարժեցաւ՝ իր հետ շարժելով ամբողջ կեանքի մը յուշեր, հաւատալիքներ եւ երազներ: Ես ֆիզիքական կամ նիւթական վնաս մը չկրեցի: Ապակի մը կոտրեցաւ, որ արդէն շատոնց պէտք է նորոգուէր: Ես այդ գիշեր իմ տունս քնացայ (կամ քնանալու պէս բան մը ըրի): Ես յաջորդ առտու սուրճ խմեցի: Ես ոչ դեղորայքի պէտք ունիմ, ոչ ալ սնունդի: Ես լիբանանցի մըն եմ, որուն ոտքերուն տակի մինչ այդ փոխաբերական իմաստով շարժող հողը մէկ շաբաթ առաջ մեծ վիհ մը գոյացուց ծովուն եւ ժամանակին մէջ:

Մէկ շաբաթ է որ ամբողջ երկիր մը ապուշցած է: Մէկ շաբաթ է որ ջուրի կաթիլները կուլ տալը կը ցաւցնէ: Մէկ շաբաթ է որ մեր հոգիները Պէյրութի նաւահանգիստէն դէպի դժոխք բացուած անդունդէն վար կը սահին: Ձայն, հոտ, ցնցում, աղմուկ, պոռչտուք, աստիճաններէն բոպիկ վար վազողներ, տժգոյն դէմքեր՝ մեծերու, պատանիներու, երեխաներու: Տունին դուռը գոցելուն եւ վար վազելուն միջեւ եղած այդ քանի մը երկվայրկեանին մէջ, ետ տունդ չտեսնելու սարսափ: Մէկ շաբաթ է որ թեթեւ հով մը կը սարսափեցնէ, փողոցէն շան մը հաչոցը մահացու վտանգ կը թուի:

Պէյրութը ոչ եւս է: Խօսքը դուռերու եւ պատուհաններու մասին չէ. Խօսքը այսօր ապուշցած գետին նստած լիբանանցիներուն մասին է, որոնց բարկութիւնն ու յուսահատութիւնը իրար հետ կը մրցին, որոնք բոլորը տգեղցան մէկ վայրկեանուան մէջ, որոնց բոլորին հոգին մնաց նաւահանգիստի այդ փոսին խորքը:
Մէկ շաբաթ է նաեւ որ ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայեր իրենց տուներուն մաքրութիւնը տակաւին նոր վերջացուցած Լիբանանահայերուն խելք կը ծախեն, թէ ինչ պէտք է ընեն անոնք եւ ո՞ւր երթան: Երբ մէկը վիրաւորուի, նախ եւ առաջ ամենէն տեսանելի վէրքերը կը խնամեն, ապա կ'անցնին անտեսանելիներուն: Մէկ շաբթուան մէջ կոտրած ապակիները հաւաքուեցան, պատերէն թռած ընտանեկան նկարներն ալ վերադարձան իրենց տեղերը, բայց իրենց մարմիններէն դուրս թռած հոգիները դեռ շատ երկար պիտի թափառին առանց իրենց տէրերուն:

Շատերու նման ծնած եմ Լիբանանի հայկական թաղամասին մէջ՝ քաղաքացիական պատերազմի ամենէն թէժ օրերուն: Մանկութիւնս առանձնապէս չի յատկանշուիր ազատ, անմեղ եւ անհոգ յուշերով: Փոքր տարիքէս ուրախութիւնը համարած եմ շռայլութիւն, որովհետեւ հայը ողջ ըլլալու համար արդէն պէտք է շնորհակալ ըլլայ: Այսպէս մեծցանք, թաղի ընկերներով ռումբի կտորներ հաւաքելով, պատուհաններէն ռումբերուն կրակները որպէս պայթուցիկ դիտելով, եւ միշտ գիտնալով որ ամենէն վատին պէտք է պատրաստ ըլլանք: Տուներու դուռերուն ետեւ պահուած սնունդի սնտուկները բոլորը կը յիշեն: Մալինկ, Սմեց պանիր եւ աշխարհի ամենէն զզուելի սնունդը որ կարելի էր պահել թիթեղեայ տուփերու մէջ՝ միայն ողջ մնալու համար:

Բոլորս կը յիշենք «Ղարպիյյէ»ի եւ «Շարքիյէ»ի պատմութիւնները: Հայրս կը խօսէր մեր տունէն տաս վայրկեան հեռու գտնուող Պէյրութի մը մասին որ ես մինչեւ 14 տարեկանս չտեսայ: Պուրճ, Ազարիյէ, Րիվոլի: Ո՞վ չէ լսած այս անունները իր ծնողներէն, առանց հասկնալու անոնց ինչ ըլլալը: Որո՞ւ ծնողքը մինչեւ հիմա չըսեր «միւս կողմ շատ մի երթար»... Միւս կո՞ղմ: Մատնոցի մը չափ Պէյրութը ինչքա՜ն կողմեր ունի որոնք անծանօթ են շատերուն: Մեր բոլորիս ծննդավայր Պէյրութը ինչքա՜ն գաղտնիքներ ունի մեզմէ:

Լիբանանէն խեր տեսնելը դիւրին բան չէ: Պատերազմ, անկարգութիւն, անապահովութիւն, կենսոլորտային աղէտներ, այլամերժութիւն, կրօնական ծայրայեղութիւն եւ անիրաւութիւններու անվերջ շարան մը: Բայց այս բոլորը չեն խանգարեր որ Լիբանանը մեր տունը ըլլայ:

Հապա Հայաստանը՞. Չէ որ ան մեր հայրենիքն է, զորս սիրելը մենք մեր աչքերը բացած պահէն կը սորվինք: Չէ որ ես Հայաստանի փողոցներուն անունները աւելի լաւ գիտէի առանց իսկ Հայաստան գացած ըլլալու, երբ իմ ծննդավայրիս «միւս կողմերը» ճանչնալու համար տասնամեակներ պէտք էին: Չէ որ ես շատ աւելի լաւ հայերէն գիտեմ քան արաբերէն: Չէ որ 1988-ի երկրաշարժին, երբ ես Լիբանանի պատերազմի ծանր օրերը ապրող մանուկ մըն էի զրկուեցայ իմ խեղճ նոր տարուան նուէրէս, որովհետեւ Հայաստանի երեխաները նոր տարի պիտի չունենային: Չէ որ ես երբ դպրոցս աւարտեցի, առանց երկմտելու Հայաստան գացի, որովհետեւ ուրիշ տարբերակի մասին մտածել անգամ անիմաստ էր: Իսկ հիմա ինչո՞ւ կը բարկանամ երբ մարդոց ցաւերը տակաւին չսպիացած հայրենադարձութեան կոչեր կը լսուին տարբեր կողմերէ: Ինչո՞ւ կը մտածեմ որ աղէտէն փրկուելու համար մէկ տեղէն միւսը գացողը միշտ ալ գաղթական պիտի կոչուի եւ երբեք լիարժէք քաղաքացի պիտի չդառնայ: Լիբանանահայը այս մէկը ամենէն լաւ գիտցողներէն է եւ հիմա իր ծննդավայրի անկումին ցաւը ապրելու փոխարէն, ընկերային ցանցերու վրայ կ'ենթարկուի պախարակութեան, կ'ամբաստանուի կարճատես ըլլալուն եւ իր կեանքը իր իսկական հայրենիքէն դուրս փնտռելուն մեղքով: Մարդիկ կը խօսին ինքնութեան մասին եւ հայրենադարձութեան կոչերով կ'արհամարհեն ճակտի քրտինքով կառուցուած կեանքեր:

Հայրենադարձութիւնը լաւ բան է, բայց ամէն մարդ ինք կ'որոշէ իր հայրենիքին ուր ըլլալը, եթէ անպայման հայրենիք մը ունենալու պէտքը ունի: Շատ մը լիբանանահայերու համար, որոնք «միւս կողմ»երը չեն գիտեր, հայրենիք փոխելը աւելի դիւրին է քան անոնց, որոնք լաւ կը ճանչնան իրենց ծննդավայրը: 18 տարեկանիս ինծի համար ալ դիւրին էր Լիբանանը ձգելը, որովհետեւ չէի ճանչնար զայն: եօթը տարի Հայաստան ապրեցայ եւ ան իր լաւով ու վատով եղաւ իմ տունս: Հայաստանի մէջ ես սորվեցայ մարդ ըլլալ եւ չսահմանափակուիլ իմ հայ ըլլալովս: Հայաստանը ազատագրեց զիս շատ մը նեղ եւ քառակուսի սկզբունքներէ: Բայց երկար ճամբայ անցայ: Երիտասարդ էի: Մինչ այդ ապրած կեանքս մեծ բան մը չէր: Մինակ էի, ազատ եւ անկախ: Յետոյ վերադարձայ Լիբանան, կեանքիս նոր փուլ մը սկսաւ: Աշխատեցայ, ստեղծագործեցի, որպէս մարդ հասունացումս ապրեցայ հարիւրաւոր մարդոց հետ աշխատելով: Լաւը շատ էր, գէշը նոյնպէս, բայց կեանք էր, լիարժէք կեանք: Ես Լիբանանի տարբեր կողմերը ճանչցայ, տարբեր փողոցները, տարբեր մարդիկը եւ այդ տարբերութիւններուն մէջ գտայ ինքս ինձ:

Երկու օր առաջ Հայաստան եկայ: Հիմա այս տողերը կը գրեմ Արարատեան դաշտի գիւղերէն մէկուն խաղաղութեան մէջ: Մատներս շատ արագ կը սահին ստեղնաշարին վրայ, սակայն հոգիս չկայ: Մնաց այդ փոսին մէջ՝ ծննդավայրիս գերեզմանը: Հիմա ես ապահով եմ, աչքս կանաչով ու կապոյտով յագեցած, բայց միտքս Պէյրութի փոշիներով ծածկուած: Ես եկայ Հայաստան, բայց իմ կեանքս հետս չեկաւ: Ինծի սիրելի շատեր հոն են: Ես հիմա հոս եմ: Ես լաւ չեմ, ոչ մէկ Լիբանանցի լաւ պիտի ըլլայ երկար ժամանակ:

Պիտի խնդրեմ որ ձգէք առողջանանք, պիտի խնդրեմ որ մեր փոխարէն որոշումներ չկայացնէք, պիտի խնդրեմ որ մեր ապրած կեանքը չարհամարհէք, պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը:





Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+