Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց Լիբանանի Ժողովուրդին Եւ Հայ Համայնքին Հայաս -
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց Լիբանանի Ժողովուրդին Եւ Հայ Համայնքին Հայաստանի Հանրապետութեան Կողմէ Կատարուած Օժանդակութեանց Համար
Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւերով Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար՝ Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին։
Երեկոյեան, Նորին Սրբութեան այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Դեսպանը զեկոյց մը տուաւ Հայրապետին Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին, ինչպէս նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հայաստանէն ուղարկուած յիշեալ օժանդակութեանց գծով։
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց դեսպանին պատուիրակութեան այցելութեանց գծով իր կատարած աշխատանքներուն եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com