Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ իր երկու արժանաւոր զաւակներուն։ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

11 Ağustos 2020  

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ իր երկու արժանաւոր զաւակներուն։ -

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ իր երկու արժանաւոր զաւակներուն։ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ իր երկու արժանաւոր զաւակներուն։

Երկու հայորդիներ, որոնք ծնած ու ապրած են օտար երկրի մը ծոցինմէջ, կառչած մնալով սակայն իրենց հայու ինքնութեան ու չիպակսեցնելով իրենց սատարը իրենց ծննդավայր դարձած երկրինբարօրութեան ու բարգաւաճումին ի սպաս, անոր համար զոհելով նաեւիրենց կեանքը։

Անցեալ չորս օգոստոսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ երկուահաւոր պայթումներու հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցին, ի շարս այլոց, Հայ կաթողիկէհամայնքի երկու արժանաւոր զաւակներ երիտասարդ 23 ամեայ Մեսրոպեանի հայ կաթողիկէվարժարանի 2015ի շրջանաւարտ, հիւանդապահուհի Ճեսիքա Պեզճեանը եւ Փաղանգաւորկուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար 63 ամեայ Նազար Նաճարեանը։

Առաջինը տակաւին նոր սկսած էր կեանքի ճանապարհը ու երազներու իրականացումը, երկրորդը երազներէ աւելի կտակ դարձուցած էր իր կեանքը վասն Լիբանանի եւ հայութեան։

Երկու արժանաւոր հայորդիներ որոնք շատ մը ուրիշներու հետ թիրախ դարձան այդ ահաւորաղէտին, որ ցնցեց ոչ միայն լիբանանն ու լիբանանցիները այլ համայն աշխարհի հայութիւննու մարդկութիւնը։ Ոմանք ոճիր համարեցին այդ մէկը՝ ոճիր մարդկութեան դէմ։ Ուրիշներնկատել տուին՝ թէ արդեն ուժաթափ եւ յուսալքուած լիբանանին եւ լիբանանցիին այս մէկըեղաւ վերջին հարուածը, ծունկի բերելով ամբողջ երկիր մը, համայն ժողովուրդ մը, որտասնեակ տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ պատերազմ, ցաւ, անօթութիւն եւ հակառակ ամէնինչի կարողացաւ ընթանալ դէպի առաջ, վեհանձն սրտով ու հոգիով։

«Այսօր եկած ենք «Ճեսիքա Պեզճեանին» վերջին հրաժեշտը տալու՝ հրաժեշտ հրեշտակի մը, որիր կեանքը կորսնցուց մինչ կը կատարէր իր բուժքոյրի ծառայութեան պարտականութիւնը», ըսաւ ի մէջ այլոց Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանը, կիրակի 9 օգոստոսին ՀայԿաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած ճեսիքայի յուղարկաւորութեան ընթացքին։

«Բարեսիրտ, ընկերասէր, սրամիտ, զուարթ ու կենսալի» անձ մըն էր Ճեսսիքան ինչպէս զինքկը յիշեն Մեսրոպեանցիները եւ իր այդ բարեսրտութիւնը ու անձնանուիրումը դարձուցած էրմասնագիտական ասպարէզ, ծառայութիւն մատուցելով անոնց որոնք կարիքը ունէին իրօգնութեան։

Իսկ Նազար Նաճարեանը, որուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ8 օգոստոսին Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքինախագահութեամբ ու ներկայութեամբ քաղաքական ու քաղաքացիական բարձրաստիճանանձնաւորութիւններու, այլ տեսակ հայ մըն էր ու պատիւ Լիբանանահայութեան համար, որքաղաքական իր գործունէութեամբ ջանաց լաւագոյն կերպով ծառայել Լիբանանին եւլիբանանցիներուն, ինչպէս յիշեցին յուղարկաւորութեան առթիւ խօսք առնողները։ Ան տարբերպատճառներու համար թողած էր փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ու հեռացած սակայնԼիբանանի սիրոյն համար ընդունած էր վերադառնալ եւ ստանձնել կուսակցութեանընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։

Երկու հայորդիներ, որոնք ծնած ու ապրած են օտար երկրի մը ծոցին մէջ, կառչած մնալովսակայն իրենց հայու ինքնութեան ու չի պակսեցնելով իրենց սատարը իրենց ծննդավայրդարձած երկրին բարօրութեան ու բարգաւաճումին ի սպաս, անոր համար զոհելով նաեւ իրենցկեանքը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+