Մաքրոն. «Այցելութեանս Նպատակը Լիբանանցի Ազատ Ժողովուրդի Կողքին Կանգնիլն Է» -
Մաքրոն. «Այցելութեանս Նպատակը Լիբանանցի Ազատ Ժողովուրդի Կողքին Կանգնիլն Է»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ այցելեց Լիբանան` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու լիբանանցի ժողովուրդին:
«Լիբանանը կը սիրեմ» եւ «Լիբանան առանձին չէ» կարգախօսներով Լիբանան հասած երիտասարդ նախագահը ուղղուեցաւ Ժըմմէյզի` հանդիպելու լիբանանցի երիտասարդներուն եւ լսելու անոնց ցաւը:
Ժըմմէյզիի մէջ Մաքրոն արժանացաւ լիբանանցիներուն ջերմ ողջոյնին:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները փտածներուն պիտի չհասնի, այլ` ուղղակի ժողովուրդին:
Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան փոփոխութեան կարիք ունի` հաստատելով, որ ինք տխուր է եւ ցաւ կը զգայ:
«Ֆրանսա պիտի օժանդակէ բնակարաններու շինութեան, սննդեղէն եւ բժշկական պիտոյք ապահովելու», ըսաւ ան:
«Յեղափոխութիւն» եւ «Միշել Աունը ահաբեկիչ է» արտայայտութիւններուն պատասխանելով` Մաքրոն ըսաւ, որ ինք Լիբանան չէ եկած պետութեան կամ կառավարութեան զօրակցելու, այլ` քաղաքական նոր նախաձեռնութիւն մեկնարկելու:
Մաքրոն Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսա Լիբանանին պիտի օժանդակէ առանց նախապայմանի:
Ապա Մաքրոն այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին վայրը, ուր ծանօթացաւ արձանագրուած աղէտին տարողութեան, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ հետաքննութեան եւ փրկարար աշխատանքներուն ընթացքին:
Յետմիջօրէին Մաքրոն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց իր վճռակամութիւնը` Պէյրութի պայթումին դրդապատճառները եւ անոր պատասխանատուները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ զանոնք խիստ պատիժներու ենթարկելու առումով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն` նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի եւ Տիապ մեկնեցան առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Մաքրոն յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւն յայտնել, ինչպէս նաեւ պայթումին պատճառները իմանալ:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան տարիներէ ի վեր տնտեսական ծանր տագնապ կը դիմագրաւէ, եւ այդ տագնապը պէտք է լուծել քաղաքական հզօր նախաձեռնութիւններով:
Նախագահ Աուն ճամբելէ ետք Մաքրոնը հաստատեց, որ Ֆրանսա շատ պիտի օժանդակէ Լիբանանին:
Երեկոյեան Մաքրոն ֆրանսական դեսպանատան մէջ ընդունեց լիբանանեան քաղաքական ուժերու եւ խորհրդարանական պլոքներու ներկայացուցիչները:
Հանդիպումէն ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Մաքրոն յստակ էր իր արտայայտութիւններուն մէջ, այն իմաստով, որ ան շեշտեց, թէ եթէ մենք մեզի չօժանդակենք, ապա անոնք մեզի պիտի չօժանդակեն:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մաքրոն անդրադարձած է աշխատելաոճի փոփոխութեան եւ ոչ թէ վարչակարգի փոփոխութեան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Մաքրոն իրականութիւնը ինչպէս որ է ներկայացուցած է: Ան հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան փոփոխութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը մեծ քայլ մըն է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ մեկնեցան առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Աւելի ուշ, Մաքրոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Մաքրոն Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց մամլոյ ասուլիսով մը` ֆրանսական դեսպանատան մէջ: «Ֆրանսան լիբանանցի ժողովուրդին կողքին է այսօր եւ վաղը եւ երբեք պիտի չլքէ զայն», յայտարարեց ան:
Մաքրոն ըսաւ, որ իրազեկ դարձաւ պատահածին շուրջ լիբանանցի իր եղբայրներուն կարծիքներուն եւ մեծ ցաւ ու զայրոյթ տեսաւ գետնի վրայ: «Այցելութեանս նպատակը լիբանանցի ազատ ժողովուրդին կողքին կանգնիլն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանցի եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ կայ եղբայրութիւն:
«Ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ պայթումին պատճառով կորուստներ կրած բոլոր ընտանիքներուն, ներառեալ` ֆրանսացի քաղաքացիները, որոնք նոյնպէս վնասներ կրած են: Այսպիսի արտակարգ պայմաններու մէջ Ֆրանսան իր ամբողջ ներուժը ի սպաս պիտի դնէ Լիբանանի տրամադրութեան տակ», ըսաւ Մաքրոն` նշելով, որ արդէն իսկ օժանդակութիւններ ուղարկուած են Լիբանան, եւ յաջորդող ժամերուն յաւելեալ օդանաւեր եւ մասնագիտացուած խումբեր պիտի հասնին Պէյրութ` անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն օժանդակելու եւ պատահածին շուրջ հետաքննութիւններուն մասնակցելու համար: «Յառաջիկայ հինգշաբթի օր եւս դեղորայքի իմաստով օժանդակութիւններ պիտի հասնին Լիբանան, եւ այս օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ վնասներ կրած բոլոր քաղաքացիները ստանան պէտք եղած դեղորայքը, սննդեղէնը եւ միջոցները` վերականգնելու համար քանդուած տուները», յայտարարեց Մաքրոն` շնորհակալութիւն յայտնելով ֆրանսական այն ընկերութիւններուն, որոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին օգնելու Լիբանանին:
«Ֆրանսան` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամատան հետ միասին պիտի կազմակերպէ միջազգային համագումար մը` քննարկելու Լիբանանին տրամադրուելիք դրամական օժանդակութիւնները, որոնցմով լիբանանցիները պիտի հոգան իրենց սննդամթերքի, դեղորայքի եւ բնակութեան կարիքները», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
Մաքրոն ըսաւ, թէ ամէն մարդ վստահ է, որ թէեւ հարուածը ծանր է, բայց Լիբանան պիտի յաղթահարէ այս դժուարութիւնը` նշելով, որ երիտասարդներուն հետ գետնի վրայ կատարած իր հանդիպումներուն ընթացքին անոնց դէմքերուն վրայ նշմարած է զայրոյթը կատարուածէն:
«Ես կը վստահեցնեմ, որ Ֆրանսան նաեւ օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ կրթական մարզին եւ յատկապէս համալսարաններուն, որովհետեւ մենք այս փուլին կը գիտակցինք կրթութեան եւ գիտութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցներու եւ համալսարաններու առաքելութեան կարեւորութեան: Ֆրանսան պիտի աջակցի մշակոյթի եւ խօսքի ազատութեան սփռման ու լիբանանցիներու կարողութիւններուն զարգացման», ըսաւ Մաքրոն` յիշեցնելով, որ շուրջ երկու տարի առաջ Ֆրանսան կազմակերպած էր զանազան համագումարներ` օժանդակելու Լիբանանին, եւ պահանջած, որ բարեկարգումներ կատարուին ելեկտրականութեան մարզին մէջ:
«Օժանդակութիւնները կը սպասեն բարեկարգումներուն: Նոր քաղաքական համակարգ պէտք է հաստատուի, եւ արմատական փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին: Ես շատ անկեղծ էի լիբանանցի ղեկավարներուն հետ եւ թափանցիկ պատասխաններ կ՛ակնկալեմ զանազան խնդիրներու շուրջ իմ տուած հարցումներուս: Սեպտեմբեր 1-ին պիտի վերադառնամ Լիբանան, եւ ես վստահ եմ, որ որակական մեծ ոստում կարելի է կատարել», եզրափակեց Ֆրանսայի նախագահը:
Անկախ Մաքրոնի պաշտօնական այցելութենէն, մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ մաքրութեան եւ նորոգութեան աշխատանքները շարունակուեցան:
Աղէտի գօտի դարձած Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ փրկարար աշխատանքները եւս շարունակուեցան:
Փրկարար աշխատանքներուն մասնակցող ֆրանսական խումբի պատասխանատուները ընդգծեցին, որ տակաւին կարելի է աւերակներուն տակէն ողջ քաղաքացիներ փրկել:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան Կարմիր խաչի տնօրէն Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ աւերակներուն տակէն դուրս բերուած են դիակներու մնացորդներ, որոնց ինքնութիւնը կարելի չէ եղած ճշդել:
Այս մտահոգութեամբ, Ներքին ապահովութեան ուժերը անյայտ կորսուածներու ընտանիքներէն խնդրեցին ուղղուիլ իրենց հաստատած կեդրոնները եւ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններ ներկայացնել:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն հաստատած կեդրոններն են. Հըլու ոստիկանատունը, Արայայի Ներքին ապահովութեան ուժերու համալիրը, Պաապտայի ոստիկանատունը, Ճիւնիի սերայը, Զահլէի ոստիկանատունը, Պաալպեքի, Սայտայի, Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի ոստիկանատուները:
Հետաքննութիւնը շարունակելու իմաստով Վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ արձակեց հրահանգ մը, որ կ՛արգիլէ Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրէն Հասան Քրայթեմի, մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահերի, մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի, Նայլա Հաժի, Միշել Նահհուլի, Մուսթաֆա Ֆարշուխի եւ Ֆաուզի Պրաքսի ճամբորդութիւնը:
Կեդրոնական դրամատունը Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրէն Հասան Քրայթեմի, մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահերի, մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի, ինչպէս նաեւ Նայլա Հաժի, Միշել Նահհուլի, Ժորժ Տահերի եւ Նաամէ Պրաքսի հաշիւները սառեցուց եւ դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացուց:
Ուշ գիշերին Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Ֆատի Աքիքի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին գծով 16 կասկածելիներ կալանաւորեց:
Ըստ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, կալանաւորուածներուն մէջ կը գտնուի նաեւ Հասան Քրայթեմ:
Պէտք է աւելցնել, որ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իմաստով եթէ հետաքննութեան յանձնախումբը նուազագոյնը երեք յանցագործ չանուանէ, ապա ինք իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ուղղուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթ, ուր ծանօթացաւ արձանագրուած վնասներուն:
Ան պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն բանալ` քողազերծելու համար պայթումին դրդապատճառները:
Իրենց կարգին Սամիր Ժահժահ, Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Սամի Ժեմայէլ պահանջեցին միջազգային հետաքննութիւն բանալ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով:
Աւելցնենք, որ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները շարունակուեցան:
Սէուտական Արաբիա եռօրեայ օդային կամուրջ կը հաստատէ` Լիբանանին տրամադրելու համար սննդեղէն եւ դեղորայք:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանին տրամադրուելիք սէուտական օժանդակութիւնները դիմաւորելու քայլերը:
Իր կարգին, Մարոք օդային կամուրջ մը հաստատեց` Լիբանանին տրամադրելով 9 օդանաւ մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւն:
Այս օժանդակութիւններուն կողքին, նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան որոշումով այսօրուընէ սկսեալ «Ուեսթըրն եունիըն» ընկերութիւնը դրամական փոխանցումները ամերիկեան տոլարով պիտի տրամադրէ քաղաքացիներուն` առանց անոնց վրայ յաւելեալ տուրք պարտադրելու:
ՆՇԵՆՔ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` անդրադառնալով Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն:
ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ երեկոյեան Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամուն հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` մերժելով լիբանանեան պետութեան ազգային անփութութիւնը: Ան հաստատեց, որ ինք ցաւով պիտի վերադառնայ Լիբանան` ընդգծելով, որ պատահածը անփութութեան եւ փտածութեան հետեւանք է:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com