Մխիթարեան. «Սրտով Պէյրութ Բնակող Մեր հայրենակիցներուն Հետ Ենք» -
Մխիթարեան. «Սրտով Պէյրութ Բնակող Մեր հայրենակիցներուն Հետ Ենք»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանահայ համայնքին:
«Մենք սրտով Լիբանանի ժողովուրդին եւ Պէյրութ բնակող մեր հայրենակիցներուն հետ ենք: Կը ցաւինք բոլոր զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար», ըսաւ հայրենի ֆութպոլիստը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ նախանցեալ օր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած զօրաւոր պայթումը, պատճառ դարձաւ հարիւրէ աւելի մարդոց մահուան, ինչպէս նաեւ հազարաւոր վիրաւորներու,ինչպէս նաեւ Պէյրութի ամբողջ շրջակայքին մեծ աւերներ պատճառելով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com