Անգարայի Վարչական Դատարանը Որոշում Տուած Է Յօգուտ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան -
Անգարայի Վարչական Դատարանը Որոշում Տուած Է Յօգուտ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան
Անգարայի 15-րդ վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է «Մարյակոբ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը գրաւեալ ճանչնալու վերաբերող Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թ24» կայքը:
Որոշումէն ետք հիմնադրամը իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու դատավարութիւններուն` պահանջելով վերադարձնել գրաւուած հարիւրէ աւելի գոյքը: Սակայն միաժամանակ գլխաւոր վարչութիւնն ալ իրաւունք ունի բողոքարկելու վարչական դատարանի որոշումը:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրամը հիմնուած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ եւ ղեկավարած է Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան գոյքը: 1973-ին Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը եկեղեցւոյ հիմնադրամը գրաւեալ ճանչցած էր եւ դադրեցուցած անոր գործունէութիւնը: Հիմնադրամի գոյքին մեծ մասը վաճառուած էր երրորդ անձերու, իսկ գումարը` իւրացուած:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը գոյքի վերադարձի պահանջով դիմած էր սահմանադրական դատարանին, որ հայցը չէր բաւարարած եւ գործը կրկին քննելու համար ուղարկած էր Անգարայի 15-րդ դատարան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com