Սկիւտարի Գաւառապետը Այս Առաւօտ Այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

28 Mayıs 2020  

Սկիւտարի Գաւառապետը Այս Առաւօտ Այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին -

Սկիւտարի Գաւառապետը Այս Առաւօտ Այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Սկիւտարի Գաւառապետը Այս Առաւօտ Այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին

Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէք այս առաւօտ այցելեց Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իր հետ ունենալով Սկիւտարի անվտանգութեան տնօրէնը եւ Գուզկունճուքի թաղապետը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնց այցելութիւնը զօրակցութեան ու կարեկցանքի բնոյթ կը կրէր։

Հարկ է նշել, որ 22 մայիս 2020, ուրբաթ երեկոյեան ժամերուն տհաճ դէպք մը պատահած է Գուզկունճուքի մէջ եւ եկեղեցին ենթարկուած՝ վանտալիզմի մը։ Այսպէս, անցորդ մը եկեղեցւոյ հանդիպակաց մայթէն մօտեցած է մուտքի դուռը եւ մագլցելով տեղէն հանած՝ մետաղեայ խաչը ու զայն փողոց շպրտած։ Թաղապետի զգուշացումով թաղային խորհուրդը դէպքէն շուրջ չորս օր վերջ տեղեակ դարձած է կացութեան։ Արդարեւ, 26 մայիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամերուն, Գուզկունճուքի թաղապետը պատահաբար նկատած է կացութիւնը ու տեղեակ պահած թաղային խորհուրդը։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան երէկ առաւօտ անմիջապէս շարժման անցած է՝ կապ հաստատելով պատկան մարմիններուն հետ, նաեւ տեղեակ պահելով Պատրիարքական Աթոռը։ Անվտանգութեան տեսախցիկներուն միջոցաւ արդէն ամէն ինչ պարզուած է եւ անհրաժեշտ արձանագրութիւնները կազմուած։ Իրաւապահ մարմինները ներկայիս շարժման անցած են պատշաճը տնօրինելու համար։

Այս իրավիճակին մէջ է, որ Սկիւտարի գաւառապետը այցելութեան փութացած է Գուզկունճուքի եկեղեցին։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան թէ՛ պատահած տխուր դէպքին եւ թէ մեր այս պատմական սրբավայրի պատմութեան շուրջ փոխանցած է անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները։ Եկեղեցական համալիրէ ներս շրջայց մը կատարելէ եւ պատուասիրութենէ վերջ գաւառապետն ու ընկերակիցները հրաժեշտ առած են Գուզկունճուքէն՝ մինչ Եդուարդ Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնած է՝ այս ցաւալի ու վիրաւորական դէպքին առընչութեամբ անոնց կողմէ ցուցաբերուած անմիջական վերաբերմունքին եւ արագ արձագանգին համար։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+