Արցունքոտ Զատիկը -
Արցունքոտ Զատիկը
Ամբողջ հայաշխարհին մէջ, Զատկուան տօնախմբութեան գուցէ ամէնէն ցնցիչ ու սրտաճմլիկ տեսարանն էր։ Կիրակի՝12 Ապրիլին, Ս. Զատկուան օրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ, հայրապետական պատարագի աւարտին, երբ «Կիլիկիա» մաղթերգը հնչեց, Արամ Ա. Կաթողիկոս չկրցաւ իր արցունքները զսպել եւ յուզումը պատեց իր ցաւոտ աչքերը։ Իր հովուական եւ կաթողիկոսական ողջ կեանքի ընթացքին, արիասիրտ Հայրապետը առաջին անգամ Ս. Յարութեան աւետիսը կը բերէր դատարկ եկեղեցւոյ մէջ, առանց իր սիրած ժողովուրդի զաւակներու ներկայութեան։
Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» հեռատեսիլի առցանց կայանէն հայորդիները դիտեցին Վեհափառի աչքերուն մէջ երեւցող տխուր արտայայտութիւնը, լուռ ցաւի ալիքները, որոնք ճամբորդեցին հայաշխարհի բոլոր անկիւնները, յուզում պատճառելով ամէն մէկ հայու հոգիին մէջ։
Վեհափառի արցունքոտ Զատիկը մարմնացումն է այն Զատիկին, որ իւրաքանչիւր հայ ապրեցաւ այս տարի՝ եկեղեցիներէն հեռու, իրարմէ հեռու, առանց սրտագին մաղթանքներու, առանց ընտանեկան հաւաքներու, առանց ժպիտի, երգի եւ ուրախութեան արժէքաւոր այն պահերուն, որոնցմով Զատկուան տօնը կը համակէ ու կը լիացնէ մարդոց սիրտերը։
Նոյն արցունքոտ Զատիկն է, որ քանի մը օրերու տարբերութեամբ պիտի նշուի Յունահայոց թեմի՝ այս անգամ պարապ եկեղեցիներէն ներս, առանց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեան, առանց ուրախ մաղթանքներու, մեր աչքին առջեւ ունենալով Հովուապետի զգացած ցաւի ու հոգեկան ճնշումի սրտառուչ պատկերը ։
«Քորոնա» ժահրի մահացու ճիրանները մեկուսացուցին աշխարհ մը ամբողջ։
Հայ եկեղեցին եւս, աշխարհով մէկ, համակերպեցաւ այդ որոշումին, գերազանցօրէն հրամայական նկատելով հայորդիներու ապահովութիւնը Ս. Յարութեան հրաշափառ խորհուրդի մեծութեան դիմաց, որ քրիստոնեայ եւ մասնաւորաբար՝ հայ եկեղեցւոյ համար մահուան պարտութիւնը խորհրդանշող, «մահուամբ ըզմահ կոխեաց», նոր կեանքի պայծառ գալիքը մարմնաւորող խորախորհուրդ երեւումն է մարդ արարածին համար։
Համամարդկային այս մեծ տագնապի օրերուն, հաւատքի օրրանները՝ մեր եկեղեցիները պիտի շարունակեն փակ մնալ, բայց Վեհափառի հոգիէն ցայտող արցունքը կայծի մը նման թող բոցավառէ մեր սիրտերը, լուսաւորէ մեր հոգիներն ու մտածումները, ճառագայթող լոյսը դառնայ հայու անսասան հաւատքին, որ ոչ միայն քրիստոնէական է, այլեւ ազգի գոյատեւման յոյսի աղբիւրն է։
Կը մօտենայ Ապրիլ 24ի չարաղէտ օրուան ոգեկոչումը։
Պարտադրաբար, պիտի շարունակենք մեկուսացած մնալ մեր տուներէն ներս։ Սակայն, մեր տան չորս պատերէն իսկ, անգամ մը եւս՝ «պիտի յիշենք եւ պիտի պահանջենք», ո՛չ արցունքով, այլեւ պայքարի կանչով, ապրելով եւ ստեղծագործելով։ Ի խնդիր կորսուած արդարութեան։
Թող հայոց Հովուապետը վստահ ըլլայ, որ իր արցունքի կայծկլտող լոյսը ցաւի եւ յուսահատութեան նշան չէ, այլ կեանքի եւ ուխտի ցայտաղբիւր, ազատատենչ ժողովուրդի մը ապրելու գրաւական, կեանքին համար տեւաբար պայքարելու ազդանշան։
Բանաստեղծի խօսքերուն անսալով՝ «Պիտի հասնի՛նք, սրբազան լեռ, կատարիդ»։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com