Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով -
Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով
16 ապրիլին Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք շնորհաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ անոր յղեց հետեւեալ նամակը:
«Ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ձեր ընտրութիւնը, զոր կը նկատենք ժողովրդավարական արժէքներով առաջնորդուելու ձեր յանձնառութեան մէկ արտայայտութիւնը:
«Այս համոզումով կը վստահեցնենք ձեզի, որ մեր բոլոր շփումներուն ու հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` ի խնդիր հայկական երկրորդ Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ անվտանգութեան, անոր զարգացման ու հզօրացման, անոր բարգաւաճութեան, ժողովուրդի բարօրութեան, լիայոյս, որ ձեր նախանձախնդիր ուշադրութեան առարկան կ’ըլլայ նաեւ կամքի ու խղճի ազատութեան ամրագրումը»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com