​Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 508-ի, Մահուան Պարագաները` 17-ի, Իսկ Բու - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

05 Nisan 2020  

​Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 508-ի, Մահուան Պարագաները` 17-ի, Իսկ Բու -

​Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 508-ի, Մահուան Պարագաները` 17-ի, Իսկ Բու ​Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 508-ի, Մահուան Պարագաները` 17-ի, Իսկ Բուժուածները` 50-ի

Ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, Լիբանանի մէջ եւս «Քորոնա»-ի համաճարակը կը շարունակէ տառապեցնել մարդկութիւնը:

Ընդառաջելով արտերկրի իր զաւակներուն Լիբանան տունդարձի փափաքին` լիբանանեան պետութիւնը վաղուընէ սկսեալ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով պիտի սկսի արտերկրի լիբանանցիները փոխադրել Պէյրութ:

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տեղեկագիրներուն համաձայն, երէկ կէսօրուան դրութեամբ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 508-ի: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 14 նոր պարագաներ, իսկ վարակուած պարագայ մը մահացած է` մահացողներուն թիւը հասցնելով 17-ի:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին` կառչած մնալու կառավարութեան ցուցմունքներուն եւ յանձնառու ըլլալու ընդհանուր զօրաշարժին ու կրակմարի դրութեան:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 51 վարակուածներ` աւելցնելով, որ երէկ այլ հիւանդանոցներէ իրենց փոխանցուած 20 կասկածելի վարակուածներ ընդունած են:

Հիւանդանոցը նշեց նաեւ, որ 4 պարագաներ բուժուած են եւ փոխադրուած իրենց բնակարանները, ուր անոնք պիտի շարունակեն բնակարանային մեկուսացման դրութիւնը: Այսպիսով «Քորոնա» ժահրէն բուժուած պարագաներուն թիւը հասած է 50-ի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աուն երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահ Ռոտրիկօ Տոթիրթիի: Ան ցաւ յայտնեց «Քորոնա» ժահրին պատճառով Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպան Պեռնարտեթթա Քաթալայի մահուան սուգին առիթով:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց դեսպան Քաթալայի յատկանիշներն ու աշխատանքը` յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու առումով: Ան նշեց, որ Քաթալա դիւանագիտական իր առաքելութեան մէջ կատարեալ նուիրումով կը գործէր Լիբանանի մէջ ապրող եւ գործող իր երկրի քաղաքացիներուն հանդէպ` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ֆիլիփեան կղզիներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց քաղաքացիները կրակմարի դրութիւնը եւ ընդհանուր զօրաշարժը խախտելէ: Բանակը կոչ ուղղեց բոլորին` վերջ տալու համախմբումներուն եւ փողոցները անոնց պատճառած եռուզեռին: «Բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` զգուշանալու, շրջագայութիւնը սահմանափակելու եւ տնային մեկուսացումին յանձնառու մնալու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրի տարածման վերաբերող զարգացումներ, յատկապէս արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ լիբանանցիները հայրենիք փոխադրող իւրաքանչիւր օդանաւի մէջ բժշկական անձնակազմ պիտի ըլլայ` ընդգծելով, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող քաղաքացիները պէտք է «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման բժշկական քննութիւնները կատարած ըլլան` իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ:

Ան նշեց, որ Պէյրութ վերադարձող արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պիտի ենթարկուին նաեւ բժշկական այլ քննութեան մը, որուն հիման վրայ պիտի որոշուի անոնց ուղղութիւնը, որովհետեւ ոմանք պիտի ուղղուին հիւանդանոց, իսկ ուրիշներ իրենց բնակարանները:

Հըթթի յայտնեց, որ կան մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներ, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Պէյրութ, սակայն կան նաեւ ճշդուած չափանիշեր, որոնք պէտք է անպայման ամբողջանան: Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը օրական դրութեամբ միայն 400 քաղաքացի կրնայ ընդունիլ` աւելցնելով, որ կիրակի, 5 մարտին 4 օդանաւեր տարբեր երկիրներէ լիբանանցիներ պիտի փոխադրեն Պէյրութ: «Առաջին թռիչքները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Նիկերիայէն եւ Փղոսկրեայ Ափունքէն», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանան հասնող արտերկրի լիբանանցիները պիտի ենթարկուին «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման PCR-ի քննութեան: Ըստ անոր` իրենք կը փափաքին, որ բոլոր արտերկրի լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան, սակայն պէտք է նաեւ ըմբռնել, որ նախապատուութիւնը պիտի տրուի տարեցներուն եւ առողջական հարցեր ունեցող քաղաքացիներուն:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» համաճարակին պատճառով արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութ վերադարձը պիտի գործադրուի երկու փուլերով: Ա. փուլը պիտի երկարի կիրակի, 5 ապրիլ 2020-էն մինչեւ կիրակի, 12 ապրիլ 2020, որուն ընթացքին Լիբանան պիտի վերադառնան տասը հազար արտերկրի լիբանանցիներ, իսկ Բ.փուլը պիտի սկսի երկուշաբթի, 27 ապրիլ 2020-ին եւ տեւէ մինչեւ երկուշաբթի, 4 մայիս 2020, եւ որով Պէյրութ պիտի փոխադրուին արտերկրի լիբանանցիները, որոնց թիւը պիտի ճշդուի` Ա. փուլէն քաղուելիք փորձառութեան հիման վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան ժամանող արտերկրի լիբանանցիները պիտի գան Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբով, ուր անոնք պիտի ենթարկուին շարք մը պարտաւորութիւններու. բժշկական քննութիւններ, առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած հարցաթերթիկին պատասխանել, քննութեան արդիւնքը եթէ ժխտական ըլլայ` անոնք կրնան մեկնիլ, իսկ եթէ դրական ըլլայ` «Քորոնա» ժահրով վարակուածները Լիբանանեան Կարմիր խաչին կողմէ պիտի փոխադրուին դէպի առողջական մեկուսարաններ` բուժում ստանալու:

Ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն` Պէյրութի միջազգային օդակայան չուղղուելու եւ համախմբումներ չկատարելու: Անոնք հաստատեցին, որ արտերկրի լիբանանցիները պիտի դիմաւորուին իւրաքանչիւր ընտանիքէ միայն մէկ անդամի կողմէ` պայմանով որ Լիբանան հասնողները քննութիւնը կատարած ու աւարտած ըլլան:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ այս որոշումի որեւէ խախտում պատճառ պիտի դառնայ, որ օրինազանցները տուգանուին:

Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան յայտնեց, որ իրենք Ֆրանսայի մէջ Լիբանան վերադառնալ փափաքող քաղաքացիներուն ցանկագրումը չեն կատարած, այլ ստեղծած են շտապ մը` կապի մէջ ըլլալու համար այն լիբանանցիներուն հետ, որոնք բողոքած են տիրող կացութեան մասին: Ան նշեց, որ բողոքներուն ընդմէջէն ի յայտ եկած է, որ անոնք հոգեբանական, նիւթական եւ գումակային հարցեր դիմագրաւած են:

Դեսպանը ընդգծեց, որ լիբանանցի ուսանողներուն 60 առ հարիւրը կը դիմագրաւեն «Քորոնա» ժահրին տարածումին հետեւանքները, յատկապէս անոնք, որոնք բաւարար նիւթական մուտք չեն կրնար ապահովել, ինչպէս նաեւ պէտք եղած նիւթական փոխանցումները չ՛ապահովուիր անոնց:

Ատուան յայտնեց, որ իրենք կապ հաստատած են անոնց համալսարաններուն հետ եւ խնդրած, որ զանոնք չվտարեն, ինչպէս նաեւ կրցած են ուսանողներուն 99 առ հարիւրին բնակարաններ եւ սննդեղէն ապահովել` Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին հետ գործակցաբար:

Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցի ուսանողներուն թիւը ցարդ 520 է: Ան հաստատեց, որ Իտալիոյ մէջ ապրող լիբանանցիները յանձնառու մնացին բնակարանային մեկուսացումի եւ բնաւ դուրս չեկան իրենց տուներէն: Անոնց համար ամէնէն դժուարը առանձնութիւնն է: Տահեր նշեց, որ լիբանանեան դեսպանատունը իտալական պետութենէն խնդրած է նկատի ունենալ ուսանողներուն յատուկ կեցութեան արտօնագիրներու պարագան, որովհետեւ անոնք մօտեցած են աւարտելու իրենց ժամկէտին: Ըստ անոր, լիբանանցի այն ուսանողը, որ կը փափաքի վերադառնալ Լիբանան պէտք է վստահ ըլլայ դարձեալ Իտալիա ուղղուելու իր կարողութեան:

Սպանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հալա Քէյրուզ յայտնեց, որ դեսպանատունը արձանագրած է անունները այն լիբանանցիներուն, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան, եւ կը սպասէ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումին` հարկ եղած դասաւորումները կատարելու համար: Քէյրուզ նկատել տուաւ, որ տակաւին կան որոշ ցուցմունքներ, որոնք արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յստակ կերպով չեն փոխանցուած դեսպանատուներուն` աւելցնելով, որ Սպանիոյ մէջ կարգ մը լիբանանցիներ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:

«Կարգ մը ուսանողներ, որոնք վարակուած էին, արդէն իսկ բուժուած են, սակայն կան նաեւ լիբանանցիներ, որոնք վարակուած են եւ հիւանդանոցներու առողջական մեկուսարաններուն մէջ կը գտնուին. անոնց վիճակը կայուն է եւ բուժուելու ընթացքին մէջ են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սպանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած լիբանանցի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ դարմանուող լիբանանցիները Լիբանան պիտի չվերադառնան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի ստորագրեց քաղաքապետարաններուն փոխանցուելիք գումարները, որոնք յատկացուած էին բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն շահերէն:

Ֆահմի իր ստորագրած հրամանագիրը փոխանցեց ելեւմուտքի նախարարութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+