Քորոնա Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 78-ի -
Քորոնա Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 78-ի
17 մարտին Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի 14 նոր պարագայ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
14-էն ոմանք արդէն իսկ մեկուսացուած էին, իսկ միւսներուն շփման շրջանակը կը ճշդուի: Անոնցմէ մէկը կապ ունի Էջմիածինի դէպքին հետ, իսկ 7-ը` «արտադրամասի»:
Միւս կողմէ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման բաժինի բժիշկ-համաճարակաբան Լուսինէ Պարոնեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն հետ կապ ունեցող բոլոր անձերը մեկուսացուած են, եւ անոնց կարգին են կարի արտադրամասի 500 անձեր: «Իրենք անընդհատ կապի մէջ են մեզի հետ, մեր աշխատակիցներն ալ օրը մէկ անգամ կը կապուին ու ստուգումներ կը կատարեն իրենց առողջական վիճակին մասին», ըսաւ մասնագէտը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com