Արարատի Մարզին Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Ծիրանի Փառատօն -
Արարատի Մարզին Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Ծիրանի Փառատօն
ՀՀ Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:
«Ծիրանը Հայաստանի մէջ ամենէն առաջ կը հասուննայ Արմաշի եւ Սուրէնաւանի հատուածին մէջ, այդ իսկ պատճառով այս տարի կը նախատեսենք մեծ շուքով ծիրանի փառատօն կազմակերպել: Աշնան ալ պիտի նշենք բերքի տօնը» ,- տեղեկացուց Արարատի մարզպետը:
Անդրադառնալով մարզի հիւրատներու եւ հիւրանոցներու ոլորտին` մարզպետը շեշտեց, որ այս պահին մարզին մէջ չկան հիւրանոցներ:
«Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն մեր մարզին մէջ չեն գիշերեր, քանի որ Երեւանին շատ մօտ կը գտնուինք: Մեր մարզին մէջ կանգառ կը կատարեն միայն Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի մէջ»,- նկատել տուաւ ան:
Անոր խօսքով, այստեղ հարց կայ` մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, ինչպէս Դուին հնավայրը, Արտաշատ մայրաքաղաքը եւ այլ պատմական վայրեր:
Սարգսեան հաւաստիացուց, որ մարզին մէջ եղած բոլոր խնդիրները յառաջիկայ տարիներուն պիտի լուծեն, որպէսզի այդ վայրերն աւելի հասանելի ըլլան զբօսաշրջիկներուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com