Պատրիարքարանի մէջ ընդունեցԶուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։ -
Պատրիարքարանի մէջ ընդունեցԶուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ժամը 15.00 ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեցԶուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։
Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալով, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, յարգելի հիւրը առիթն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։
Պատրիարք Հայրը, մեծայարգ աւագ հիւպատոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւնմաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, մասնաւորապէս շեշտեց թէ Հայ Եկեղեցւոյ չորս կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ այս շրջագիծով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հնագոյն համայնքներէն մին՝ Հայ Համայնքը կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին։ Հանդիպման աւարտին, Թէօնին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւՊատրիարքարանէն։
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com