​Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

29 Ocak 2020  

​Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէ -

​Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէ ​Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէ

28 Յունուար 2020-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովրդին պահանջքները եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին, բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:

Խօսք առաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր գծերով ներկայացնելէ յետոյ Լիբանանը դիմագրաւող վտանգալից մարտահրաւէրները, շեշտեց՝ թէ «ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել: Եկեղեցին ժողովուրդին ձայնն է, անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը: Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին մօտ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ: Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդի պահանջքներուն գոհացում տան՝ գործնական քայլերու դիմելով»:

Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ զգուշացուց, թէ «բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել»: Ան նաեւ շեշտեց, որ «կառավարութեան վստահութիւն ու նեցուկ պէտք է տալ, որպէսզի ան կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ»: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ ստեղծող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ հեռու մնալ» եւ ընդգծեց «ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականը»:

Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ «կոչ մը ուղղուի Լիբանանեան սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Լիբանանին, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս»:






Bu haber armenianorthodoxchurch kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (armenianorthodoxchurch) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(armenianorthodoxchurch). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+