Անակնկալ Այցելութիւն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

19 Kasım 2019  

Անակնկալ Այցելութիւն -

Անակնկալ Այցելութիւն Անակնկալ Այցելութիւն

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ ժամը 16.32-ին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ կուսակալ Ալի Երլիքայա Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ, որու կողքին էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Պատրիարքարանի մուտքի դիմաւորման արարողութենէն վերջ, կուսակալ Ալի Երլիքայա նորին սրբազնութեան եւ ընկերակիցներուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը։ Պատրիարքարանի մուտքին ներկայ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Անվտանգութեան պաշտօնեաները թերթիս խմբագրէն խնդրեցին բացարձակապէս նկարահանում չկատարել։

Շուրջ 35 վայրկեան Գումգաբուի մէջ մնալէ վերջ կուսակալ Ալի Երլիքայա հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ իր ընկերակիցները ողջերթ մաղթեցին կուսակալին՝ Պատրիարքարանի մուտքին։ Գումգաբուէ մեկնելէն առաջ կուսակալ Ալի Երլիքայա կարճ զրոյց մը յանձն առաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը մասնաւոր իմաստ մը չունէր, պարզապէս փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել, որովհետեւ պատրիարքական ընտրութեան թուականը հետզհետէ կը մօտենայ։ Այս մթնոլորտին մէջ Ալի Երլիքայա փափաքած էր անվտանգութեան եւ այլ բնոյթով հարցերու շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը ունենալ Պատրիարքարանի մէջ։ Այսինքն, ըստ կուսակալին, ընդհանուր արժեւորման բնոյթով խորհրդակցութիւն մը կատարուած է Պատրիարքարանի մէջ։ Թերթիս խմբագրին հետ զրոյցի աւարտին կուսակալ Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը կը նախատեսէ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Աւելի վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն ալ հաստատեցինք այս տուեալը։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ Իսթանպուլի կուսակալին հետ հանդիպման համար ժամադրութեան մը կազմակերպման աշխատանքը սկսած է։

Կուսակալ Երլիքայայի Գումգաբուէ մեկնումէն վերջ, դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեանին յայտնեց, որ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնական հաղորդում մը պիտի չկատարեն երէկուան տեսակցութեան շուրջ։

Մինչ կ՚ընթանայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը, երէկուան այցելութիւնը անկասկած ուշագրաւ իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Սա նաեւ որոշ չափով անակնկալ այցելութիւն մը կը նկատուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, Ալի Երլիքայա երէկ Պատրիարքարանի մէջ զրուցեց Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն հետ։ Գումգաբուի մէջ էին Նախաձեռնարկ մարմնի հոգեւորական անդամները՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Աշխարհական անդամներէն Թամար Գարասուն ալ մասնակցեցաւ կուսակալի այցելութեան։ Մինչ այդ, Իսթանպուլի կուսակալի այցելութենէն առաջ Պատրիարքարան մեկնած էր տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախընտրական քարոզարշաւի յառաջատար դէմքերէն՝ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը։ Այս վերջինը կուսակալի ժամանումէն անմիջապէս առաջ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։

Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած անակնկալ այցելութիւնը անշուշտ զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է համայնքէն ներս՝ մանաւանդ, որ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները կը նախընտրեն լռութիւն պահել։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+