Պետրոս Շիրինօղլու. Առանց Ժամանակ Կորսնցնելու Պէտք Է Երթանք Ընտրութեան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

28 Eylül 2019  

Պետրոս Շիրինօղլու. Առանց Ժամանակ Կորսնցնելու Պէտք Է Երթանք Ընտրութեան -

Պետրոս Շիրինօղլու. Առանց Ժամանակ Կորսնցնելու Պէտք Է Երթանք Ընտրութեան Պետրոս Շիրինօղլու. Առանց Ժամանակ Կորսնցնելու Պէտք Է Երթանք Ընտրութեան

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ուղարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ հետեւեալը.

«Իսկապէս երախտապարտ պէտք է ըլլանք մեր պետութեան նկատմամբ։ Սա արդէն կարեւոր զարգացում մըն է եւ անոր նշանակութիւնը բնականաբար անանտեսելի է։ Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման զուգահեռ ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ, մեր պետութիւնը դիտարկած է համայնքի ընդհանուր կացութիւնն ու կարիքները՝ շատ խորաթափանց ձեւով։ Կանոնադրութեան ուղարկուիլը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ պետութենէն կախում ունեցող հիմնական գործն էր։ Ես ուրախալի կը համարեմ, թէ պետութիւնը առանց յապաղումի ըրած է այն ինչ, որ կախում ունէր իրմէ։ Հիմա այլեւս մեր համայնքին առջեւ որեւէ արգելք գոյութիւն չունի։ Պէտք է առանց ժամանակ կորսնցնելու լուծենք պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Մեր համայնքը կը սպասէ իր նոր հոգեւոր առաջնորդին եւ այդ ճանապարհին ակնյայտօրէն կը վայելէ մեր պետութեան աջակցութիւնը՝ ինչ որ յայտնի դարձած է կանոնադրութեան փութով ուղարկուելով։ Այսօր հերթական անգամ կը վկայենք, թէ մեր իրաւունքները երաշխաւորուած են, մեր աւանդութիւններուն նկատմամբ խնդրոյ առարկայ է յարգանք։ Ինչպէս ըսի, մնացեալը պիտի ըլլայ մեր համայնքին գործը։ Ձեռք ձեռքի պէտք է տանք եւ այս հարցը այլեւս պէտք է դուրս մնայ մեր հաւաքական օրակարգէն։
«Այս կանոնադրութիւնը թող ըլլայ խերով-բարիով թրքահայութեան համար»։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+