Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ, Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Տողան - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

12 Mayıs 2019  

Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ, Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Տողան -

Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ, Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Տողան Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ, Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Տողան

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Շիշլի նահանգային խորհուրդին մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն ընտրուած անդամ Սելինա Տողան «Թերթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը անվաւեր ճանչցաւ միայն Պոլսոյ ընտրութիւններու արդիւնքները, սակայն ոչ Պոլսոյ նահանգի ընտրութիւնները»:

Անոր համաձայն, իրենց համար հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ իշխող ուժը ուզած է ջնջել ինքնին Պոլսոյ ընտրութիւններուն արդիւնքները: «Անոնք Պոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ իրենց իշխանութիւնը ստեղծած էին: Գիտենք, որ Էրտողան նախապէս Պոլսոյ քաղաքապետ եղած է: Անոնք իրենց աջակիցները սկսած են «կերակրել» ինքնին Պոլսոյ քաղաքապետարանէն: Անիկա շատ մեծ քաղաք է` անոնց համար շատ մեծ ելեւմտական ներուժով: Անոնք այնտեղ կը կերակրէին իրենց կրօնական եւ այլ հիմնադրամները», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ իսկ պատճառով իշխող կուսակցութիւնը չ՛ուզեր կորսնցնել Պոլսոյ մէջ իր իշխանութիւնը, «եթէ անոնք Պոլիսը կորսնցնեն, աստիճանաբար պիտի կորսնցնեն Թուրքիան»:

Ըստ Սելինա Տողանի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հիմա կ՛օգտագործէ իր վերջին կարելիութիւնը, ան չի կրնար սպասել, քանի տակաւին Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը առաւել չէ վատթարացած:

Տողանի կարծիքով` իրենք ստեղծուած իրավիճակին պէտք է արձագանգեն իրենց բողոքը արտայայտելով օրինական միջոցներով: «Մենք պէտք է բողոքենք», ըսաւ ան` նկատելով, որ Պոլսոյ մէջ արդէն բողոքի որոշ դրսեւորումներ եղած են. անոնք ինքնաբուխ էին եւ կ՛արտայայտէին հասարակութեան դժգոհ տրամադրութիւնը:

Ան նշեց, որ նոյնիսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քուէարկածները կ՛ըսեն, թէ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումը արդար չէ իրենց նկատմամբ:

Անդրադառնալով Պոլսոյ ընտրութիւններուն շուրջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ միջազգային արձագանգին` Սելինա Տողան նշեց, որ միջազգային ընտանիքը արտայայտած է իր մտահոգութիւնները Թուրքիոյ ընտրութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան պակասին վերաբերեալ: «Անոնք մտահոգ են, որ Թուրքիոյ մէջ հաւանաբար այլեւս ընտրութիւններ չըլլան: Ատիկա նաեւ մեր մտահոգութիւնն է: Ատիկա մեր միակ ժողովրդավարական գործիքն է, պէտք է աշխատինք զայն պահպանելու: Մենք հիմա նոյնիսկ կը սպասենք վատագոյն բեմագրութեան` որոշ պատճառներով արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու կարելիութեան եւ ընտրութիւններ չկատարելուն», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, Էրտողանէն ամէն ինչ սպասելի է: «Ան ամէն բան պիտի ընէ` չպարտուելու համար, որովհետեւ ասիկա անոր վերջին կարելիութիւնն է», ըսաւ Սելինա Տողան:







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+