Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը սրտի ցաւով կը միանայ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի մահը
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը
եւ
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը
կը գուժեն Միաբան հայրերէև՝
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ․ Վ․ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻմահը որ պատահեցաւ՝ Հինգշաբթի 18 ապրիլ 2019-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք շուտով։
Հայր Գէորգ Եղիայեան ծնած էր 5 նոյեմբեր 1946-ին Գամիշլի քաղաքին մէջ։ Մտած է Զմմառու կղերանոցը ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումները 1966-ին մեկնած է Հռոմ՝ Լեւոնեան Վարժարան ուր իր եկեղեցական ուսմանց մէկ մասը կատարելէ ետք վերադարձած է Պէյրութ ու Սան Ժոզէֆ համալսարանի մէջ աւարտած է ուսումը։ Քահանայ ձեռնադրուած է 28 ապրիլ 1973-ին Գամիշլիի մէջ, ձեռամբ տեղւոյն վիճակաւոր Արհ. Յովսէփ եպիսկոպոս Ճաննաճեանի։ Հայր Գէորգ եղիայեան մեծ նուիրումով ծառայած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Ան ստանձնած զանազան պաշտօններու շարքին եդած է նաեւ Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը։
Իր մահով՝ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը կը կորսնցնէ իր կարկառուն ու թանկագին եկեղեցականներէն մին՝ որ մեծ պարապութիւն պիտի թողու սրտերու մէջ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը սրտի ցաւով կը միանայ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի մահը աղօթքներ բարձրացնելով առ Աստուած անոր հոգւոյն հանգստեան համար