​Աւագ Երեքշաբթի - Իմաստուն ԿոյսերըԻմաստուն կոյսերու առակով կը մեկնաբանուի օրուան խորհուրդը։ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

16 Nisan 2019  

​Աւագ Երեքշաբթի - Իմաստուն ԿոյսերըԻմաստուն կոյսերու առակով կը մեկնաբանուի օրուան խորհուրդը։ -

​Աւագ Երեքշաբթի - Իմաստուն ԿոյսերըԻմաստուն կոյսերու առակով կը մեկնաբանուի օրուան խորհուրդը։ ​Աւագ Երեքշաբթի - Իմաստուն ԿոյսերըԻմաստուն կոյսերու առակով կը մեկնաբանուի օրուան խորհուրդը։

Աւագ Երեքշաբթի օրուան խորհուրդը «արթնութիւնն» է, պատրաստ գտնուիլ երբ Քրիստոս՝ Երկնաւոր Փեսան կը հասնի եւ մուտք կը գործէ առագաստէն ներս, երբ Ան վերջին դատաստանին կու գայ իբր դատաւոր։

Իմաստուն կոյսերու առակով կը մեկնաբանուի օրուան խորհուրդը։ Իմաստուն կոյսերը իրենց հետ բաւարար իւղ ունէին՝ վառ պահելու համար իրենց լապտերները։ Եկեղեցւոյ հայրերը այդ իւղը կը նկատեն խորհրդանիշ առաքինութիւններու, բարի գործերու, հաւատքի։ Աւագ Երեքշաբթի օրուան աղօթքներն ու շարականները կը յորդորեն քրիստոնեայ հաւատացեալը, որ միշտ պատրաստ ունենայ այդ իւղը։ Այն հաւատացեալը որ չունի բաւարար իւղ՝ հաւատք եւ առաքինի վարք, պիտի մնայ խաւարի մէջ, եւ արժանի պիտի չըլլայ Փեսային հետ մտնելու արքայութիւն։ Ասոր համար շարականին մէջ կʼերգենք՝ «Թող պայծառանան մեր հոգիներուն լապտերները, որպէսզի մեզ երկինքի արքայութեան կոչունքին հրաւիրեալներուն հետ բազմեցնես։»

Քրիստոս այսօրուան շարականներուն մէջ կը ներկայանայ իբր «Աստուած Բան։ Համագոյ հայրական խորհուրդներուն։ Ամէնուն արարիչը եւ կենդանութեան ստեղծիչը։ Ան Երրորդութեան ծածուկ խորհուրդը յայտնեց Իր սուրբ եկեղեցիին։ Ահաւոր Թագաւոր, որ արարածները կը նորոգէ եւ հաւատքի ճշմարիտ գիտութեան մէջ կը հաստատէ։»

Ասոր համար հաւատացեալը կʼաղօթէ՝ «Երկրորդ գալուստիդ երբ երկինքէն ծագիս եւ արարածներդ նորոգես, լուսաւորէ մեզ, Քրիստոս։ Իմաստուն կոյսերուն հետ արթնութիւն շնորհէ մեզի եւ մեր հոգիներուն լապտերները պայծառացուր։ Երկնաւոր Փեսային ողորմութեան դուռը թող բացուի մեզի որպէսզի իմաստուն կոյսերուն հետ առագաստ մտնենք։»

Շարականներուն մէջ Քրիստոս կը ներկայանայ ոչ միայն իբր փեսայ, այլ եւ իբր դատաւոր։ Սակայն հաւատացեալը կը վստահի արդար դատաւորի ողորմածութեան վրայ, ան գիտէ թէ Քրիստոսի գութը անսահման է։ Ասոր համար վստահութեամբ կʼերգէ՝ «երբ փառքով գաս երկնքէն եւ դատողի աթոռ նստիս եւ բոլոր ազգերը դատես, քու աջակողմդ դասէ մեզ ոչխարներուն հետ։ Քրիստոս, երբ ծառաներէն պատուիրանին տաղանդը պահանջես, կրկին քանքար շահողներուն հետ մեզ երկինքի մէջ քու ուրախութեանդ արժանացուր։ Քրիստոս, երբ հրաւիրուածները աշխարհի սկիզբէն պատրաստուածը ժառանգելու կանչես, անոնց հետ արքայութիւնդ շնորհէ մեզի։ Դուն որ քու երկրորդ գալուստիդ մարդկային ցեղին հրոյ փորձը հաստատեցիր, քեզմով փրկուածները անարատ պահէ։»

Այստեղ, շարականը կ՛անդրադառնայ քանքարներու առակին, ուր հարուստ մարդ մը իր ծառաներուն քանքարներ կու տայ եւ անոնցմէ արդիւնք կը պահանջէ։ Աստուած իւրաքանչիւր մարդ օժտած է որոշ շնորհքներով եւ կարողութիւններով. Աստուած իւրաքանչիւր մարդու տուած է որոշ կոչում մը, զայն որոշած է յատուկ առաքելութեան մը։ Եթէ մարդ արարածը հաւատարիմ չի գտնուիր այդ շնորհքներուն եւ կոչումին, պիտի զրկուի ամէն ինչէ։

Քրիստոս Երկնաւոր Փեսան է, Ան դատաւոր է, սակայն եւ Փրկիչ։ Շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ կրկին ու կրկին կը փառաւորենք զԱյն իբր փրկիչ, գոհութիւն կը մատուցանենք Անոր զոհաբերումին համար։ Մարդուն համար պատճառ չկայ յուսալքումի։ Ան փրկուած է եւ «խաւարէն ազատելով լոյսին եկած եւ հրեշտակներէն պատուուած նոր արարած է։»

Մարդ արարածին կը մնայ «Արթուն եւ պատրաստ սպասել փառքի Թագաւորին ընդառաջ ելլելու՝ իմաստուն կոյսերու դասերուն հետ անաղօտ հաւատքի վառած լապտերներով։»

Շարականը կʼամփոփէ օրուան խորհուրդը՝
«Իմաստուն կոյսերը լապտերներով իւղ պատրաստելով երկնաւոր Փեսային ընդառաջ ելան վառած լապտերներով։
Իսկ յիմար կոյսերուն լապտերները իւղէն պարպուած ըլլալով, Փեսային գալուստին անպատրաստ գտնուեցան մարած լապտերներով։
Ուստի մենք ալ հոգեւոր իւղ պատրաստենք, որպէսզի անմահ Փեսային առագաստը մտնենք վառած լապտերներով։»





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+