​Խաղաղութեան Վարդարանը աղօթեցէք յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի համար - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

15 Nisan 2019  

​Խաղաղութեան Վարդարանը աղօթեցէք յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի համար -

​Խաղաղութեան Վարդարանը աղօթեցէք յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի համար ​Խաղաղութեան Վարդարանը աղօթեցէք յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի համար

Սրբազան Հայրը երիտասարդները հրաւիրեց առօրեային մէջ ապրելու «Christus vivit» առաքելական յորդորագիրին ցուցմունքները։

Կիրակի 10 ապրիլ 2019-ին առաւօտեան, Յիսուսի Երուսաղէմ հրաշափառ մուտքի տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքը ուղղեց պատարագին ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն ու հաղորդամիջոցներու միջոցաւ արարողութեան միացած հաւատացեալներուն։

«Սոյն ողջոյնը ուղղուած է նաեւ բոլոր երիտասարդներուն որոնք իրենց եպիսկոպոսներուն շուրջ հաւաքուած կը տօնախմբեն երիտասարդներուն նուիրուած թեմական օրը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր երիտասարդները հրաւիրեց իրենցը ընելու ու առօրեային մէջ ապրելու ցուցմունքները՝ որ պարունակուած են «Christus vivit» առաքելական յորդորագիրի մէջ, «որ պտուղն է սիւնհոդոսին որ ներգրաւեց բազմաթիւ ձեր հասակակիցները» ըսաւ Սրբազան Պապը, մաղթանք յայտնելով որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքին համար, իր հաւատքի աճումի ուղեւորութեան, ինչպէս նաեւ եղբայրներու ծառայութեան մէջ գտնէ պտղաբեր գաղափարներ։

Քահանայապետը ապա նշեց թէ ծաղկազարդի տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոս ժամանած բոլոր հաւատացեալներուն ուզեց նուիրել Վարդարան մը, որոնք կազմուած են Սուրբ Երկրի ձիթենիի ծառերու տախտակով ու յատկացուած էին Փանամայի մէջ անցեալ Յունուարին նշուած երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան ու այսօրուայ երիտասարդական օրուան։

«Առ այդ կը նորոգեմ երիտասարդներուն ու բոլորին ուղղած կոչս աղօթելու խաղաղութեան Վարդարանը, յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի համար» յարեց Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը դիմենլու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի մեզ օգնէ՝ լաւապէս ապրելու Սուրբ Շաբաթը։

Քահանայապետը Ծաղկազարդի տօնին սրբազան արարողութիւնը աւարտեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան Աղօթքով, բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+