Հրաժեշտի Պատրաստութիւն - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

11 Mart 2019  

Հրաժեշտի Պատրաստութիւն -

Հրաժեշտի Պատրաստութիւն Հրաժեշտի Պատրաստութիւն

Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ 84-րդ գահակալ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի վախճանումէն վերջ հրաժեշտի պատրաստութիւնները արդէն սկսած են։ Հոգելոյս պատրիարքի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի՝ 17 մարտին։ Համայնքային շրջանակները զօրակոչի ենթարկուած են կազմակերպչական արարողութիւններուն համար։ Բոլորը կը ձգտին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը պատշաճ շուքով յուղարկաւորուի եւ իրեն նկատմամբ վերջին յարգանքի մէջ թերացումներ չըլլան։ Իր բարոյական ներկայութեան նկատմամբ որդիական բիւր յարգանքի զգացումներով յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքները։ Պատրիարքարանի աղբիւրները շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 մարտին։ Ուստի, ամբողջ թրքահայութիւնը այժմէն յառաջիկայ կիրակի ժամադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ արտասովոր աշխուժութիւն կը տիրէր եւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցան իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ։

Կրօնական ժողովը, ինչպէս հաղորդած էինք, շաբաթ երեկոյեան արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ընդհանուր փոխանորդը Տիարպաքըրի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ տեսակցելէ անմիջապէս վերջ օրուայ աւարտին վերադարձաւ քաղաքս։ Օդակայանէն ան ուղղակի Պատրիարքարան առաջնորդուեցաւ, ուր սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստը։ Նախ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ նորոգ վախճանեալ պատրիարք հօր համար, աւելի վերջ ժողովական հայրերը ձեռնարկեցին աշխատանքի։ Կէս գիշերը անց աւարտին հասաւ արտահերթ նիստը։ Գիշերուան ուշ ժամերուն արդէն մշակուած էր սուգի շրջանի ճանապարհային քարտէսը։ Հոգեւոր հայրերը մանրակրկիտ նկատի առին նախկին պատրիարքներու յուղարկաւորութիւններու կազմակերպչական աշխատանքները, մերօրեայ պայմանները եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց, աւանդութիւններուն հիման վրայ յստակեցուցին Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւններուն մանրամասնութիւնները։ Այսօր հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցներով (տեսնել յարակից սիւնակներուն մէջ) այդ բոլորը յանձնուած են համայնքի եւ հանրային կարծիքի նկատառման։

Երէկ ալ Պատրիարքարանի մէջ եռուզեռը շարունակուեցաւ։ Առաւօտուն մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօններ տեղի ունեցան հոգելոյս Պատրիարք Սրբազանին համար։ Կիրակնօրեայ պաշտամունքի աւարտին հոգեւոր հայրերը անցան Պատրիարքարան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան օրուան տեւողութեան Պատրիարքարանի մէջ էին՝ անընդհատ խորհրդակցութիւններով եւ կարգադրութիւններով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կանոնաւոր կապ կը պահէր նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներուն հետ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գլխաւորութեամբ։

Նոյնպէս երէկ, Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինն ալ արտահերթ ժողով մը գումարեց ընդլայնուած կազմով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ նիստը։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Խորհրդակցական մարմնի անդամները՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Արէտ Երկանեան, Հայկ Ասլանեան, Վազգէն Պարըն, Հերման Պալեան, Հրանդ Մոսկոֆեան, Եսայի Տեմիր, Նատիա Թաշէլ, Արա Գօչունեան եւ Ռոպէր Հատտէճեան ներկայ էին խորհրդակցութեան։ Ընդլայնուած կազմով ժողովին հրաւիրուած էին նաեւ մեր ազգայիններէն Մելքոն Քարաքէօսէ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ թաղականներէն Արէտ Քորեան։ Խորհրդակցութեան սկիզբին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս պատրիարքին համար։ Աւելի վերջ նախ սեղանի վրայ դրուեցան Կրօնական ժողովի կողմէ առնուած որոշումները, յստակեցուած շրջանակը եւ անոնց լոյսին տակ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան գործադրութեան եզրերուն շուրջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ պիտի փութան քաղաքս յուղարկաւորութեան համար։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանն ալ այս հինգշաբթի Իսթանպուլ պիտի ժամանէ՝ մասնակցելու համար հոգելոյս պատրիարքի վերջին օծման։

Ժողովականները մանրակրկիտ նկատի առին արարողակարգային մանրամասնութիւնները, պաշտօնական մարմիններու հետ համակարգուելիք նիւթերը, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար ստեղծուելիք աշխատանքային պայմանները, արարողակարգային մանրամասնութիւնները եւ այլ խնդիրներ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ելմտական մանրամասնութիւնները, քաղաքս փութալիք հիւր հոգեւորականներու դիմաւորման կարգը, թաղման համար դէպի գերեզմանատուն կազմակերպուելիք ինքնաշարժերու շարասիւնի պարագաները, յուղարկաւորութենէն վերջ Պատրիարքարանի մէջ շատ նեղ շրջանի համար սարքուելիք հոգեճաշի պատրաստութիւնները եւ այլն։ Այս բոլոր աշխատանքները յառաջ տանելու համար ստեղծուեցաւ կարգադիր յանձնախումբ մը, որու ատենապետի պաշտօնը վստահուեցաւ Մելքոն Քարաքէօսէին։

Կարգադիր յանձնախումբը այսօրուընէ սկսեալ գործի կը ձեռնարկէ։ Նախատեսուած աշխատանքային ուղղութիւններուն համար պաշտօնի պիտի կոչուին նաեւ ենթայանձնախումբեր։ Մինչեւ յառաջիկայ կիրակի համայնքային շրջանակները զօրակոչի մը մթնոլորտին մէջ պիտի աշխատին, որպէսզի կարելի ըլլայ պատշաճ շուքով հրաժեշտ տալ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+