Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Փութինը Կը Շնորհաւորէ Փաշինեանը -  
 
	
 
	Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Փութինը Կը Շնորհաւորէ Փաշինեանը
	
	 
	 
	
	Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ուղերձին մէջ նշուած է.
«Յարգելի՛ Նիկոլ Փաշինեան,
Ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան լուսաւոր տօներուն առիթով:
Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութեան բազմադարեան աւանդութիւններու վրայ: Մեր երկիրները կառուցողական համագործակցութեան մեծ փորձառութիւն կուտակած են քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մարդասիրական եւ միւս մարզերուն մէջ:
Յոյս ունիմ, որ մենք պիտի շարունակենք զարգացնել հայ-ռուսական փոխշահաւէտ կապերը բոլոր ուղղութիւններով: Ատիկա կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն, շրջանային  կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման:
Ձեզի եւ ձեր մտերիմներուն կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն` բարօրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com