​Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

24 Temmuz 2018  

​Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ -

​Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ ​Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ 22 Յուլիսին հանդիպեցաւ աշխարհի 15 երկիրներէ Հայաստան ժամանած 62 սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ, որոնք Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեանի եւ դասախօսական անձնակազմի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը մասնակցին վերապատրաստման մէկամսեայ դասընթացքի:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ուսուցիչներուն ներկայացուած է Վեհափառ Հայրապետին կրթական ոլորտի գործունէութիւնը` հիմնուած հոգեւոր կրթական եւ հանրակրթական հաստատութիւնները: Համալսարանի շարք մը ուսանողներ իրենց փորձառութեան շրջանը կ’անցընեն Մայր Աթոռի հովանիին ներքեւ գործող «Էօռնեկեան» հանրակրթական դպրոցին մէջ:

Այնուհետեւ ուսուցիչներուն իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` մեծապէս կարեւոր համարելով համալասարանի եւ ՀՀ պատկան կառոյցներու կարեւորագոյն այս նախաձեռնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայաստան ժամանող սփիւռքահայ ուսուցիչներուն թիւը տարուէ տարի կ’աճի:

Բարձրօրէն գնահատելով սփիւռքահայ ուսուցիչներուն նախանձախնդրութիւնը` Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ մանկավարժները կարեւոր պատասխանատուութիւն կը կրեն այսօրուան եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան մէջ: Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ Հայաստան այցելութիւնը եւ դասընթացքին մասնակցութիւնը նորանոր լիցքեր կը հաղորդէ ուսուցիչներուն` նոր ուժով եւ աւիւնով շարունակելու ուսուցչական իրենց բարդ ու դժուարին առաքելութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ. Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն՝ մասնաւորապէս խօսելով հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ մատաղ սերունդի մէջ աստուածասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն սերմանելու կարեւորութեան մասին: Մարտահրաւէրներու յաղթահարումի գործին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը եկեղեցական կառոյցներու եւ ազգային կրթական հաստատութիւններու միջեւ:
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն տեղեկացուց «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի մէջ Մայր Աթոռի կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ քահանաներու համար նախաձեռնուած վերապատրաստման դասընթացներուն մասին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի կազմակերպել վերապատրաստման դասնթացներ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի ուսուցիչներուն համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կ’առնչուէին Սփիւռքի մէջ գործող հայկական դպրոցներու եւ մայրենիի պահպանման հարցերուն:

Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մանկավարժներուն մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը իրենց սրբազան առաքելութեան իրականացման մէջ:

Հանդիպումին ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+