​Հալէպ․ Գայթակղութիւն եւ․․․ հաւատք - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

10 Temmuz 2018  

​Հալէպ․ Գայթակղութիւն եւ․․․ հաւատք -

​Հալէպ․ Գայթակղութիւն եւ․․․ հաւատք ​Հալէպ․ Գայթակղութիւն եւ․․․ հաւատք

Հալէպ մնալով որոշեցի քիչ մը դուրս ելլել Հալէպէն, առանց փորձելու քիթս ինծի չխառնուած խնդիրներու մէջ մտցնել, կամ չհասկցածս հարցեր քննարկել: Այնուամենայնիւ «իւրաքանչիւր հայ անհատի իրաւունքն է մտորել հայկական որեւէ հարցի շուրջ» համոզմունքէս մեկնելով, ինքզինքիս կ'արտօնեմ բարձրաձայն խորհրդածել:

Սփիւռքի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնին հետ առնչուած հարցը ականուած ռումբի մը պէս պայթեցաւ, կարծէք թէ ամէն մէկը ինք լարած էր այդ ռումբը եւ անհամբերութեամբ անոր պայթիւնը կը սպասէր, չափչփելու անոր գործած եւ գործելիք աւերները:

- Ի՛նչ ամօթ, սկսած եմ կասկածիլ այս մարդոց հայութեան վրայ...

- Կարծես թէ նորութիւն է...

- Ալի Պապայի եւ 40 գողերու երկիր Հայաստան...

- Միշտ ալ ըսած եմ, պարապի միլիոններ կու տաք:

- Խեղճ սփիւռքահայուն միլլիոնները....

Այս խօսքերուն մէջ ես միայն չարախնդութիւն կը նկատեմ, եւ կը համեմատեմ «խեղճ սփիւռքահերը» 40 գողերու երկիր Հայաստանի բնակիչներուն հետ, որոնց մեծ մասին, տասնամեակներ ղարունակ, հացի եւ դեղի դրամը թալանուած եւ իւրացուած է , մինչ իրականութեան մէջ սփիւռքահայը այս հիմնադրամին իրմէ աւելցած աննշան գրոշներ միայն տուած է:

Այս համեմատութիւնը երբեք չկրնար արդարացնել այդ հիմնադրամէն մէկ սէնթ գողցուիլն իսկ, քաւ լիցի: Վերջերս բացայայտուած գողութիւններուն մեծամասնութեան նման այս ալ կրկնակի գողութիւն է, նախ այդ դրամները տուողներէն եւ երկրորդ ու դարձեալ ժողովուրդէն, այս պարագային Հայաստանաբնակ եւ Արցախաբնակ հայէն՝ սահմանամերձ գիւղ մը չէ ունեցած որոգման ջուր, քանի մը քիլոմեթր պակաս ճամբայ կառուցուած է.. կամ... կամ...

Ցաւ ի սիրտ չարախնդացողներ միշտ ալ պիտի գտնուին, ուրախացողներ ալ, որովհետեւ անոնք իրենց ըրած-եւ չըրած արարքներուն արդարացում պիտի գտնեն.

- Չէին տար... - Տեսա՞ք ինչու չէինք տար:

- Պիտի չտա՞նք... – Որովհետեւ բան պիտի չփոխուի, կը տեսնէք, Հայաստանցիները 70 տարի, հիմա ալ 30 տարի միայն գողութիւն սորված են...

Կը հաւատամ, որ դրամատնօրինման պատասխանատուներուն մէջ ազնուութիւն կամ անազնուութիւն փնտռելը տեղ մը չի հասցներ մեզ, պէտք է այսպիսիներուն գործողութիւններուն հետեւիլ, հաշիւ պահանջել, թափանցիկութիւն պահանջել.այս հափշտակութեան ընթացքին ո՞ւր էին «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուները, անոնց շարքին նաեւ սփիւռքահայ հոգաբարձուները:

Անոնք ալ իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին անկասկած:

Թափանցիկութիւն... թափանցիկութիւն... թափանցիկութիւն:

Սփիւռքի մէջ ալ շշուկները շատ են, նոյն մեր Հալէպին մէջ քի՞չ կը խօսուի այս կամ այն պատասխանատուին մասին, քի՞չ կը հարցուին եկած-գացած դրամներուն մասին... ամէնէն դժգոհներն ալ ամէնէն շատ օգտուողները կ'ըլլան յաճախ:

Ցաւ... ցաւ... ցաւ:

Ցաւ մըն ալ մեր աւանդական կուսակցութիւններուն բացակայութիւնն է, ո՞ւր են անոնք, լո՞ւր են, թէ՞ այլեւս այնքա՜ն տկար կու գայ անոնց ձայնը՝ չլսուելու աստիճան: Իրականութեան մէջ անոնց ձայնը շատ քիչ՝ Միջին արեւելեան գաղութներու մէջ լսելի մնացած է, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անոնք լուր մնացին, լուր մնացին երբ Փաշինեանը իր ընկերներով ամբողջ մէկ ամիս Կիւմրիէն դէպի Երեւան կը քալէր, լուր էին երբ աւելի քան տաս հազար երիտասարդներ ցոյցի ելած էին եւ միայն երբ ամբողջ երիտասարդութիւնը ոտքի կանգնեցաւ, իրենց հետ նաեւ ամբողջ ժողովուրդը, անոնք դարձան յեղափոխականներ, երիտասարդացա՞ն:

Ժամանակը չէ՞, որ անոնք ալ երիտասարդանան:

Քիչ մը անկա՞պ են մտորումներս: Թերեւս, բայց անկեղծ են:

Եւ եթէ շարունակելու ըլլամ, պիտի հանգիմ այն եզրակացութեան որ սփիւռքն ալ իր երիտասարդներու յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգայ, եւ երիտասարդները քիչ չեն սփիւռքի մէջ՝ աւանդական կուսակցութիւններէն ներս կամ դուրս, թէեւ ...

Թէեւ «Հայաստան» հինադրամի տնօրէնին գողութեան-ձերբակալութեան-ազատ արձակման հեքիաթային պատմութեան վերաբերեալ ամէնէն ուրախալի արտայայտութիւնը նկատեցի 75 տարեկան գրող-ուսուցիչի գրառման մէջ.. այս գրողին համար ալ Հայաստանը Ալի Պապայի եւ 40 գողերուն երկիրն է սակայն.

- «Մի՛ մոռնաք, բոլոր արդարամիտ հայորդիներու նման, ես ալ մեծ հաւատք կապած եմ մեր նոր Հայաստանի նոր Սերունդին:

Հոսկէ է, որ կը ծնի հայու հպարտութիւնս»:

Մեր բոլորիս հպարտութիւնը այստեղէն պէտք է գայ, բոլորս փոխանակ անհաւատ դառնալու պէտք է ամրապնդենք մեր հաւատքը:

մանաւանդ դժուար է հաշտուիլ հերոսի մը անասնասիրութեան հետ, սակայն դառն իրականութեան հետ չհաշտուելով հանդերձ պէտք է ընդունիլ զայն, ամէնէն առաջ մեղքի սեփական բաժինը փնտռելով, ու հաւատալ, որ նոր ժամանակներ են, մնայուն հայրենիքի համար նոր ժամանակներ, ուր երիտասարդները չեն վախնար բացայայտումներէ, չեն վախնար դժուարութիւններ դիմագրաւելէ, մարտահրաւէրներ ընդունելէ եւ կը կռուին , կը կռուին ո՛չ թէ հողմաղացներու դէմ այլ կը կռուին իրական պատերազմ մղելով բազմաթիւ ճակատներու վրայ, իսկ թշնամիները՝ ե՛ւ արտաքին ե՛ւ ներքին ահեղ են, ու թերեւս լաւագոյնը այն է, որ անոնք ներքին պայքարը կը շարունակեն «թաւշեայ» զէնքով մղել, վկայ անոնց յաճախ բաւարարուիլը գողցուածի պետութեան դարձուելով:

Գողութիւններու մասին մտորումներս հոս պիտի դադրեցնեմ պահ մը, բայց սակայն Հալէպ պիտի չվերադառնամ տակաւին ու արձանագրեմ, սակայն նախ հարց պիտի տամ ինքզինքիս (իմա բոլորիս) ինչո՞ւ լայնօրէն չարձագանգեցինք հետեւեալ կարեւոր իրողութեան, միա՞յն գայթակղութիւնները մեզ կը հետաքրքրեն...

Ի՛նչ որ է, արձանագրեմ իրողութիւնը.

-«Նիստին ներկայ Հոգաբարձուներու խորհուրդի 11 անդամները միաձայնութեամբ հիմնարկի նախագահ ընտրեցին Ռայմոն Գէորգեանը»:

Խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի մասին է:

Այսինքն Հայաստանցի 11 պատմաբան եւ առնչակից գիտնականներ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին մէջ ժողով կը գումարեն ու իրենց կաճառին նախագահ կ'ընտրեն հեռաւոր Ֆրանսայի մէջ ապրող եւ գործող հայ պատմաբան մը, որն ալ իր կարգին հեռաձայնով իր համաձայնութիւնը կը յայտնէ:

Այս ընտրութեան մէջ Հին Հայաստանի Նոր ժամանակներու խորհուրդը կը տեսնեմ. Նոյն այս ընտրողներուն մէջ Ռայմոն Գէորգեանի յատկանիշերով օժտոած գիտնականներ չկա՞ն. Առանց նսեմացնելու Գէորգեանի արժանիքները վստահօրէն կարելի է ըսել որ անշո՛ւշտ կայ, անշուշտ կա՛ն, սակայն այս տարիքը առած, հասուն գիտնականներն ալ երիտասարդացած են եւ Հայաստանի երիտասարդ յեղափոխական առաջնորդներուն հետ կ'աշխատին միաձուլել սփիւռքը հայրենիքին, նոյնացնել հայ ժողովուրդը՝ քաղաքականութենէ հեռու քաղաքականութեամբ:

Ու կը նախընտրեմ չգայթակղուիլ գայթակղութիւններով ու հակիլ հաւատալուն. կը հաւատամ հայ ժողովուրդի մարդկային մնայուն արժէքներուն՝ անհատական եւ հաւաքական արժէքներուն:

Ժամն է Հալէպ վերադառնալուն, որմէ չէի հեռացած ալ արդէն:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 08 Յուլիս 2018





Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+