Զեկոյց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

20 Haziran 2018  

Զեկոյց -

Զեկոյց Զեկոյց

Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։ Աւելի՛ն, այս յայտարարութիւններու երկրէն դուրս ստեղծած արձագանգը կրնայ թիւրիմացութիւններու տեղի տալ իր բնոյթով։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուած է ամբողջութեամբ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներքին ազդակներէն բխած դրդապատճառներով։ Ուստի, անընդունելի է, որ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն նախորդող մթնոլորտին մէջ այս խնդիրը հանրային կարծիքին առջեւ վերածուի քարոզչութեան միջոցի մը ու ներքին քաղաքականութեան նիւթ դարձուի։ Անտարակոյս, մեր համայնքի յաչս հանրային կարծիքի հեղինակութեան տեսակէտէ շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ՝ եթէ այս խնդրին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու եւ արժեւորումներու ժամանակ աւելի նախանձախնդիր ոճ մը օգտագործուի եւ աւելի առարկայական մօտեցումներ ցուցաբերուին։ Քննադատութիւններու նկատմամբ հանդուրժողութիւնով հանդերձ, այս նիւթը մեր բոլորին տեսակէտէ հասարակաց զգայնութիւն մըն է։

Այս առթիւ կը մաղթենք, որ ընտրութիւնները բարեբեր ըլլան մեր երկրին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած են։

Զայս յարգանօք ի գիտութիւն կը ծանուցուի մերազն համայնքին։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՉորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+