Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

17 Mayıs 2018  

Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի -

Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի ընդհանուր հիւպատոսէն պահանջած է ժամանակաւորապէս լքել երկիրը: Այդ մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրին:

Անգարա այդպիսով կը հակադարձէ Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը երկրէն վտարելու քայլին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր մօտ կանչեց Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակը` գանգատելու համար Իսրայէլի Թուրքիայէն վտարուած դեսպանին նկատմամբ Թուրքիոյ «անվայել վերաբերմունք»-ին դէմ: Թրքական լրատուամիջոցներ ցոյց տուած էին, թէ Իսրայէլի դեսպանը օդակայանին մէջ ինչպէ՛ս հրապարակաւ ապահովական խուզարկումի կ՛ենթարկուի: Թրքական կողմը լրագրողներ հրաւիրած էր ականատես դառնալու դեսպանի խուզարկման:

Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը, յղում կատարելով Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան նախարար Ուրի Արիելի թուիթըրեան էջին, նշած էր, որ նախարարը Թուրքիան մեղադրած է երկերեսանիութեան համար եւ յայտարարած Թուրքիայէն գիւղատնտեսական մթերքի ներածման դադրեցման որոշում կայացնելու մասին:

«Մենք չենք աջակցիր երկրի մը, որ երկերեսանիօրէն բարոյականութեան դաս կը փորձէ տալ Իսրայէլին: Ես` իբրեւ Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան նախարար, այսօր որոշում տուած եմ Թուրքիայէն գիւղատնտեսական մթերքի ներածման դադրեցման մասին», ըսած է նախարարը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+