Սուրի Պատմական Շրջան Այցելութեան Ընթացքին. «1915-ին Հայ Եւ Ասորի Ժողովուրդները Այստեղ Մեծ Աւեր Տեսան -
Սուրի Պատմական Շրջան Այցելութեան Ընթացքին. «1915-ին Հայ Եւ Ասորի Ժողովուրդները Այստեղ Մեծ Աւեր Տեսան» Կ՛ըսէ Փայլան
Թուրքիոյ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այցելած է Տիգրանակերտ նահանգի Սուր շրջան, ուր քիւրտ-թրքական բախումներու պատճառով աւերածութիւններ եղած են:
Փայլանի թուիթըրեան էջը կը հաղորդէ, որ ան կոչ ուղղած է միասնաբար ձեռնարկելու Սուրի վերականգնման եւ նշած, որ այդ աւերումը դաւաճանութիւն է մարդկութեան ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան դէմ:
«Սուրը 100 տարի առաջ ալ նման աւեր տեսած է: 1915-ին հայ ժողովուրդը, ասորի ժողովուրդը այստեղ մեծ աւեր տեսան ու բռնի գաղթեցին, իսկ հիմա` մէկ դար ետք, նոյն վայրին մէջ նոր աւեր կը կատարուի», ըսած է Փայլան` նշելով, որ պէտք է վայրկեան առաջ Սուրը դարձեալ ոտքի կանգնեցնել:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com