​Եկեղեցական գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Ապրիլ 2018) - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

15 Nisan 2018  

​Եկեղեցական գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Ապրիլ 2018) -

​Եկեղեցական գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Ապրիլ 2018) ​Եկեղեցական գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Ապրիլ 2018)

Յինանց շրջանի երկրորդ շաբաթուայ մէջ կը մտնենք, ուր արդէն Սուրբ Պատարագի ընթացքին` կը սկսինք կարդալ Յովհաննէսի աւետարանը հետեւողական կերպով, սկսելով առաջին գլուխէն մինչեւ 13-րդ գլուխը, Պենտնկոստէէն առաջ։

Նոյն ատեն, ընթերցուածներէն առաջ կը կարդացուին երեք սաղմոսներ փոխան երկուքի, եւ այդ` սաղմոսրանի մէն մի սաղմոսի առաջին համարը։ Այսպէսով, 150 սաղմոսներու առաջին համարները կը կարդացուին յինանց 50 օրերուն ընթացքին։

Կիրակի 8 Ապրիլը` նոր կիրակի կը կոչուի, որովհետեւ կը սկսի նոր շրջան մը, Յարուցեալ Քրիստոսի շրջանը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, կարելի է եկեղեցիներու մէջ պսակ կատարել, տօնակատարութիւն ու խրախճանք ընել սրահներու մէջ, առանց արգելքի, որով մեծ պահքի շրջանը անցած է։

Նոր կիրակիի աւետարանը մեզի կ՛ընծայէ սքանչելի նախերգանքը Յովհաննէս աւետարանչին, որ կը խօսի Աստուծոյ խօսքին մասին. Բանն Աստուծոյ, սկիզբէն գոյութիւն ունէր եւ անով ստեղծուեցաւ աշխարհը. Ժամանակներու լրումին` ան իջաւ մարդկութեան մէջ, մարմնացաւ ու մարդացաւ եւ եղաւ մեզի նման որպէսզի մեզ փրկէ սատանայի գերութենէն. Մեզ ազատեց խաւարէն ու դրաւ ճշմարտութեան լոյսին տակ. Ուստի որպէսզի օգտուինք իր բերած շնորհքէն, հարկ է որ ընդունինք իր պատգամը եւ մնանք լոյսի ենթակայ, դուրս ելլելով մեղքի խաւարէն։

Հռովմի Եկեղեցին տօնեց այդ օր` Ողորմած սիրոյն տօնը, հաստատուած Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապին կողմէ։ Քրիստոսի այս նոր անունով` որ է Ողորմած սէր, Եկեղեցին կ՛ուզէ ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Որդին չէ եկած որպէս խիստ դատաւոր, դատելու եւ դատապարտելու մեղաւոր մարդկութիւնը, այլ կը ներկայանայ որպէս անհունօրէն գթած ու ողորմած, որ կու գայ ներելու նոյնիսկ ամենամեծ մեղաւորին. Իր փափաքն է որ բոլոր մարդիկ դառնան իրենց յանցաւոր ու սխալ կեանքէն դէպի առաքինի ու սիրով լեցուն կեանք մը։ Եթէ աստուածային արդարութիւնը գործէր մարդկութեան վրայ, աշխարհի վերջը պէտք էր եկած ըլլալ, ինչպէս տեղի ունեցաւ ջրհեղեղի շրջանին, կամ թէ Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներու կործանման օրը. Սակայն Տիրոջ ծրագիրը տարբեր է, ան կ՛ուզէ փորձ մը ընել մարդկութիւնը դարձի բերելու. Այս նոր դարը որ կը սկսի, Աստուծոյ ողորմած սիրոյն դարն է։ Ան դառնալու է հոգւոյ տիրապետութեան դարը, նիւթապաշտութենէն ազատագրման դարը, որպէսզի պայքարը որ կը մղուի չարին դէմ, ըլլայ արդիւնաւոր ու պտղաբեր։

Երկուշաբթի 9 Ապրիլին` Աւետման տօնն է Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ. ։

Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին 25 մարտին կը տօնէ Աստուածածնայ Աւետումը` այս տարի կիրակի 25 մարտին ծաղկազարդի տօնն էր, ասոր համար 9 Ապրիլին է որ կը տօնենք ։ Նոյն տօնը Հայ առաքելական Եկեղեցին կը կատարէ Ապրիլ 6-ին, տրուած ըլլալով որ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6-ին։ Աւետումը Քրիստոսի կեանքին սկզբնաւորութիւնն է աշխարհի վրայ. Մարիամ նոյն օրը կը յղանայ Աստուծոյ Որդին իր արգանդին մէջ, Սուրբ Հոգւոյ ազդեցութեամբ։

Կիրակի 15 Ապրիլը՝ Յինանց Գ. Կիրակին, Աշխարհամատրան կիրակի է։





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+