Խօսելով Քիւրտ-Ֆրանսական Հաւանական Գործակցութեան Մասին. «Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Իրենց Խօսածը Չեն Գի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

03 Nisan 2018  

Խօսելով Քիւրտ-Ֆրանսական Հաւանական Գործակցութեան Մասին. «Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Իրենց Խօսածը Չեն Գի -

Խօսելով Քիւրտ-Ֆրանսական Հաւանական Գործակցութեան Մասին. «Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Իրենց Խօսածը Չեն Գի Խօսելով Քիւրտ-Ֆրանսական Հաւանական Գործակցութեան Մասին. «Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Իրենց Խօսածը Չեն Գիտեր» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլո

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութիւն յայտնած Ֆրանսայի իշխանութիւնները «չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը խօսին»:

«Սկիզբէն այդպիսի յայտարարութիւն կատարեցին, յետոյ 2-3 անգամ փոխեցին յայտարարութիւնը: Մենք դէմ առ դէմ կանգնած ենք երկրի մը հետ, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը խօսի եւ ի՛նչ պիտի ընէ: Ֆրանսան պէտք է աւելի լաւ գիտնար սուրիական իրականութիւնը, քան Արեւմուտքի միւս երկիրները: Մինչեւ օրս անոնք այս հարցին մէջ ճիշդ ճամբով կ՛ընթանային, սակայն, ցաւօք, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին Ֆրանսան դարձաւ երկիր մը, որ նոյնիսկ չի կարենար արտայայտել իր գիտցած ճշմարտութիւնը», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան պնդած է, թէ իրենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին խորհուրդ տուած են «հեռուէն խօսելու փոխարէն» գալ Աֆրին ու համագործակցիլ իրենց հետ` ուշադրութիւն չդարձնելով քանի մը քիւրտ զինեալի յայտարարութիւններուն:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու պատրաստուելուն մասին յայտարարութիւնը եւ նշած, որ ատիկա ո՛չ միայն շատ տեղին որոշում է, այլ նաեւ քիչ մը ուշացած:

Յայտնենք, որ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին` Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր` չհեռացնելու իր ուժերը Սուրիայէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+