Այսօր Աւագ Հինգշաբթին է. Վերջին Ընթրիք` Հաղորդութեան Խորհրդի Հաստատում, Ոտնլուայ, Իւղի Օրհնութիւն - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

29 Mart 2018  

Այսօր Աւագ Հինգշաբթին է. Վերջին Ընթրիք` Հաղորդութեան Խորհրդի Հաստատում, Ոտնլուայ, Իւղի Օրհնութիւն -

Այսօր Աւագ Հինգշաբթին է. Վերջին Ընթրիք` Հաղորդութեան Խորհրդի Հաստատում, Ոտնլուայ, Իւղի Օրհնութիւն Այսօր Աւագ Հինգշաբթին է. Վերջին Ընթրիք` Հաղորդութեան Խորհրդի Հաստատում, Ոտնլուայ, Իւղի Օրհնութիւն

Աւագ Հինգշաբթին նուիրուած է վերջին ընթրիքին` որպէս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատում:

Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի ապաշխարողներու արձակման կարգ, այնուհետեւ կը մատուցուի Սուրբ պատարագ: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն կը յաջորդէ Իւղի օրհնութիւնը: Յիսուս Քրիստոսը վերջին ընթրիքէն յետոյ, ցուցաբերելով ճշմարիտ հեզութեան ու խոնարհութեան օրինակ, կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը: Հայ եկեղեցւոյ մէջ Տիրոջ այս օրինակով քահանան եկեղեցւոյ խորանին ծնկաչոք կը լուայ 12 մանուկներու կամ եկեղեցւոյ սպասաւորներու ոտքերը եւ կ՛օծէ օրհնուած իւղով:

Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի Խաւարման կարգ, որ կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին` խորհրդանշելով Տիրոջ խաչելութիւնն ու թաղումը: Արարողութեան ընթացքին խորանի վրայ կը վառի 13 մոմ, 12-ը` փոքր, եւ 1 մեծ մոմ` կեդրոնը: Աւետարանական ընթերցումներու ժամանակ հերթով կը հանգեցուին 12 առաքեալները խորհրդանշող մոմերը, վերջաւուրութեան կը մնայ միայն կեդրոնինը` խորհրդանշելով մենակ մնացած Քրիստոսը: Արարողութեան ընթացքին աւետարանական ընթերցումները կը յիշեցնեն Յիսուսի աղօթքը Գեթսեմանի պարտէզին մէջ, Յիսուսի մատնութիւնը, անարգուիլը, Պետրոսին ուրանալը:

Զատկէն առաջ` Բաղարջակերաց տօնին, Յիսուս առաքեալներուն հետ սեղան կը նստի Վերնատան մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի Վերջին ընթրիքն էր խաչելութենէն առաջ: Հին Ուխտին մէջ Զատկի տօնը հաստատուած էր ի յիշատակ եգիպտական գերութենէն հրէայ ժողովուրդի ելլելուն:

Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս Քրիստոս կը վերցնէ հացը, կ՛օրհնէ եւ կիսելով կու տայ աշակերտներուն` ըսելով. «Առէք, կ’երէք, այս է Իմ Մարմինը»: Այնուհետեւ գինիի բաժակը կու տայ` ըսելով. «Խմեցէք ատկէ բոլորդ, որովհետեւ այդ է Նոր Ուխտի Իմ Արիւնը, որ կը թափի շատերու համար իրենց մեղքերու թողութեան համար»:

Սբ Պատարագի ժամանակ, ինչպէս Վերջին ընթրիքին, հացն ու գինին կը սրբագործուի եւ կը վերածուին Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան: Հաղորդութիւնը Քրիստոսի Մարմնին ու Արեան հաղորդ դառնալու խորհուրդը ունի: Հաղորդուիլ կը նշանակէ միանալ, միաւորուիլ Աստուծոյ հետ: Հաղորդութիւն ստանալու համար պէտք է անպայման մկրտուած ըլլալ, զղջալ եւ ապաշխարել գործած մեղքերու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+