Մովսէս Խորենացին յայտնուած է եւրոպական յայտնի առցանց հանրագիտարանին մէջ -
Մովսէս Խորենացին յայտնուած է եւրոպական յայտնի առցանց հանրագիտարանին մէջ
Մովսէս Խորենացիի աշխատանքը այսօր ալ մեծ դեր կը խաղայ հայերու ինքնագիտակցութեան մէջ: Հայ մեծանուն պատմիչ Մովսէս Խորենացիի մասին յօդուած է հրապարակած Ancient.eu առցանց հանրագիտարանը, կը հաղորդէ armeniasputnik-ը:
Յօդուածին հեղինակ Մարք Քարթրայթը կը նշէ, որ 5-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Խորենացին «պատմահայր» կ՛անուանեն իր «Հայոց պատմութիւն» մեծածաւալ աշխատութեան համար:
Յօդուածին մէջ հեղինակը կը պատմէ անոր կեանքի մասին եւ կը գրէ, որ Խորենացիին ուսուցիչը հայոց գիրերու ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցը եղած է:
«Հայ պատմաբանը կ՛ըսէ, որ զինք ուսանելու նպատակով ուղարկած են Եդեսիա, Ալեքսանդրիա, Կ․ Պոլիս եւ Աթէնք», — կ՛ընդգծէ Քարթրայթը:
Անոր խօսքով` հայերու պատմութիւնը, որ առաջին անգամ տպուած է 1695-ին, ազդած է աւելի ուշ շրջանի պատմաբաններու վրայ, իսկ Հայաստանի պատմութեան բազմակողմանի լուսաբանումը նպաստած է հայերու ազգային ինքնութեան զգացումի զարգացման:
«Հակառակ անոր, որ Մովսէս Խորենացիի աշխատութեան մէջ որոշ տուեալներ կրնան վիճելի ըլլալ, անոր գիրքը Հայաստանի պատմութեան անքակտելի մասն է: Հայ նահապետ Հայկի մասին առասպէլը այսօր ալ կը դասաւանդեն աշխարհի ամբողջ հայկական դպրոցներուն մէջ: Անշուշտ, Խորենացիի աշխատութիւնը առաջուան պէս կը շարունակէ կարեւոր դեր խաղալ հայերու ազգային ինքնութեան մէջ նաեւ 21-րդ դարուն», — կը նշէ յօդուածին հեղինակը:
«Հայոց պատմութիւն»-ը կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի ձեւաւորումէն մինչեւ 5-րդ դարու պատմութիւնը եւ կը հանդիսանայ հին հայկական առասպելներու, հեթանոսական սովորոյթներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ հայերու կապերու մասին նիւթերու ամենահարուստ աղբիւրը: Մովսէս Խորենացիի մասին կ՛ըսեն «հայոց պատմահայր» կամ «քերթողահայր»: Հայերը անոր այդ տիտղոսները տուած են, քանի որ ան մեզի հասցուցած է հայոց ամբողջական պատմութիւնը` հայոց մեծերու ծննդաբանութենէն մինչեւ իր ապրած ժամանակները:
Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com