Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը - Հայերէն
28 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Սիմ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

09 Şubat 2018  

Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը -

Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը

Մարմարա կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան թնճուկը, որ երկար ժամանակէ ի վեր շատ ցաւալի հարց դարձած է Թուրքիոյ հայոց համայնքային ու եկեղեցական կեանքին մէջ, 5 փետրուարի երեկոյեան նոր փուլ մը մտաւ` Պոլսոյ կուսակալութենէն թէ՛ պատրիարքարանի հասցէին եւ թէ՛ Արամ արք. Աթեշեանին ուղարկուած պաշտօնական նամակով մը:

Նամակին մէջ վերջապէս յստակ պատասխան տրուած է նախապէս պատրիարքարանէն ղրկուած վեց նամակներուն. վերջաւորութեան կը հաղորդուի, որ պատրիարքական նոր ընտրութեան մը համար կատարուած դիմումներն ու այդ կապակցութեամբ կատարուած տեղապահի ընտրութիւնը պաշտօնապէս անվաւեր կը նկատուին:

Նամակին մէջ դիտել կը տրուի, որ պետութիւնը չի ճանչնար Գարեգին արք. Պեքճեանի` տեղապահի հանգամանքը, եւ անգամ մը եւս կը պնդուի, որ ըստ նախապէս կատարուած ընտրութեան եւ պետութեան կողմէ ալ վաւերացուած որոշումին` Արամ սրբազան կը նկատուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ:

Նամակին մէկ մասը կը վերաբերի նոր պատրիարքի ընտրութեան պայմաններուն. հոն ըսուած է, թէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կարելի կ՛ըլլայ միայն այն պարագային, երբ պատրիարքը կը վախճանի, կամ կը հրաժարի, կամ աթոռը կը պարպուի տարբեր ազդակներով, ու կը պնդուի, թէ անոր առողջական վիճակը այս ազդակներէն մէկը չէ: Աւելի կանուխ դատարան մը եւս որոշած էր, որ առողջական վիճակը նոր ընտրութեան մը համար ազդակ չի նկատուիր: Այս պատճառով ալ, պետութիւնը չի՛ ճանչնար տեղապահի ընտրութիւնը, չի՛ ճանչնար նաեւ տեղապահի հանգամանքով Գարեգին սրբազանին կողմէ կատարուած դիմումներն ու ղրկուած նամակները:

Կը հաղորդուի, որ Գարեգին արք. Պեքճեան սրբազանը անցեալ շաբաթ կուսակալութիւն կանչուած է եւ իրեն անձամբ ըսուած է, թէ պետութիւնը չի ճանչնար իր տեղապահի հանգամանքը: Թէեւ պատրիարքարանէն այս մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չէ հաղորդուած, սակայն համայնքին մէջ տարածուած է նաեւ այն տեղեկութիւնը, թէ պատրիարքարանը պետութեան դէմ դատ բացած է` պատրիարքական ընտրութեան ձգձգումին պատճառով:

Միւս կողմէ, կը պնդուի, որ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի անդամներէն Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու, Կորիւն քհնյ. Էներճեան եւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան հրաժարած են յանձնախումբի անդամակցութենէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+