​Էրտողան. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Կորսնցնեն Իրենց Վաւերականութիւնը» - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

07 Ocak 2018  

​Էրտողան. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Կորսնցնեն Իրենց Վաւերականութիւնը» -

​Էրտողան. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Կորսնցնեն Իրենց Վաւերականութիւնը» ​Էրտողան. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Կորսնցնեն Իրենց Վաւերականութիւնը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով թրքական պետական «ՀալքՊանք»-ի պաշտօնատարներէն մէկուն նկատմամբ` Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները շրջանցելուն համար արձակուած վճիռին, երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ իր երկրին արդարադատական երկկողմանի համաձայնագիրները «կը կորսնցնեն իրենց վաւերականութիւնը»:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու արդարութեան հասկացողութիւնը այս է, ապա աշխարհը դատապարտուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է մեզի ներեն, սակայն մեր միջեւ երկկողմանի կապերն ու երկկողմանի համաձայնագիրները կը կորսնցնեն իրենց վաւերականութիւնը: Կը ցաւիմ ասիկա ըսելու, սակայն այսուհետեւ այսպէս պիտի ըլլայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ վճիռը Թուրքիոյ ներքին հարցերուն աննախադէպ միջամտութիւն մըն է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+